ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 7-9 Յուլիսին, «Կիլիկիա» բանակումը «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ համախմբեց 10-14 տարեկան շուրջ 80 պատանիներ, որոնք դաստիարակչական ծրագիրներու ճամբով հաճելի մթնոլորտի մը մէջ, անմոռանալի օրեր անցուցին: Բանակումը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին կազմակերպութեամբ:
Պատանիները, բաժնուած չորս խումբերու՝ «Գլաձոր», «Դրազարկ», «Արմաշ» եւ «Աղթամար», աղօթքի, շարականի եւ հայրենասիրական երգերու ուսուցումներու, զրոյց-հանդիպումներու, ձեռային աշխատանքներու եւ խաղերու ճամբով, համապարփակ կերպով ծանօթացան Քրիստոսի առաքեալներուն եւ անոնց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան եւ եկեղացական ու ազգային առաքելութեան: Ապա, իրենց ամբարած գիտելիքները անհատական եւ խմբային աշխատանքներով կիրարկեցին՝ ներկայացնելով ծառայութեան եւ առաքելութեան օրինակներ, իրենց անհատական կեանքի ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Կիլիկիոյ տարբեր շրջանները, անոնց բնակչութիւնը, վանքերը, եկեղեցիներ եւ աւանդութիւնները:
Բանակումի վերջին օրը, պատանիները իրենց առօրեան անցուցին Դպրեվանքին մէջ: Անոնք, առաջին հերթին հանդիպում ունեցան վեհափառին հետ, որ պատանիներուն հետ զրուցեց եւ մասնաւորապէս յորդորեց, որ միշտ համախմբուին մեր եկեղեցական, ազգային ու բարոյական արժէքներուն շուրջ: Աւարտին, ան իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով՝ խաչեր նուիրեց պատանիներուն:
Նոյն օրը, պատանիները շրջեցան Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ, պտըտեցան Վանքի պարտէզներուն մէջ, ծանօթացան Դպրեվանքի առաքելութեան եւ դպրեվանեցիներուն հետ մասնակցեցան երեկոյեան ժամերգութեան: