Իսրայէլ եւ Կիպրոս հասան համաձայնութեան մը, որուն միջոցաւ Կիպրոս պիտի ստանայ իսրայէլեան արտադրութեամբ սպառազինութիւն: «Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչի յայտարարութեան մէջ:
Համաձայնագիրը ստորագրուած է Իսրայէլի եւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարներ Պենի Կանցի եւ Խարալամպոս Փեթրիտիսի ներկայութեամբ: