ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզը 15-16 Յուլիսին ունեցաւ իր տարեվերջի հանդէսները Կլենտէյլի Երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, լուսարձակի տակ դնելով աշակերտներուն իրագործումները՝ անոնց արտասանութիւններուն, երգերուն եւ պարերուն ընդմէջէն:
Հանդէսները նաեւ առիթ հանդիսացան բարի երթ մաղթելու հաստատութեան վարիչ Արսինէ Աղազարեանին եւ բարի գալուստ` յաջորդ վարիչին` Լորէթ Աւանէսեանին:
Ուսումնական խորհուրդի անդամները իրենց տարեվերջի զեկուցումները ներկայացուցին եւ մեծապէս գնահատեցին Աղազարեանի մօտաւորապէս 30 տարիներու սպասարկութիւնները »Թիւֆէնքեան«ին, որմէ ետք Աղազարեանին յուշանուէրներ յանձնուեցան Ուսումնական խորհուրդին, Ծնողական մարմինին, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ գնահատագիրներ`քոնկրեսական Էտըմ Շիֆէն, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյէն, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լօրա Ֆրիտմընէն եւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեանէն:
Նաեւ, մանկապարտէզի աշակերտները երգեցին Աղազարեանին նուիրուած երգ մը, որուն հեղինակն էր հաստատութեան երաշտութեան ուսուցչուհի Անի Յովակիմեան:
Այս առիթով յայտարարուեցաւ, որ վարժարանին խաղավայրը պիտի կոչուի «Օրիորդ Արսինէին պարտէզը»՝ ի պատիւ Արսինէ Աղազարեանին, որ միշտ ջատագովը եղած է բացօթեայ դասարաններու գաղափարին:
Ինչպէս հաղորդած էին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին բարձր օրհնութեամբ եւ տնօրինումով ու ընդառաջ` Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի խնդրանքին, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան յանձնուեցաւ Արսինէ Աղազարեանին, «որ իբրեւ մանկավարժ, մօտաւորապէս երեք տասնամեակ անձնդիր ծառայութիւն բերած է հայ համայնքի կրթական կեանքին մէջ»:
Արսինէ Աղազարեան, որ մագիստրոսի վկայական ունի մանկավարժութեան ճիւղին մէջ, «Թիւֆէնքեան»ի վարիչ նշանակուած էր 1993ին, յատկանշական դերակատարութիւն ունենալով մանկամսուր-մանկապարտէզի բարգաւաճման, որդեգրելով անձնակազմի վերապատրաստութեան, դասաւանդումներու, համակարգային բարենորոգութիւններու եւ դասաւանդութեան նիւթերու նորարարական մօտեցումներ, հիմնուած նորագոյն ուսումնասիրութիւններու վրայ: Անոր ղեկավարութեամբ, վարժարանը որդեգրեց մանկավարժութեան ազգային NAEYC կազմակերպութեան ուղեցոյցները եւ այդ կազմակերպութեան կողմէ վարկաւորուեցաւ 1999ին եւ դարձաւ ոչ միայն Ազգային վարժարաններու, այլ ամբողջ Մեծն Լոս Անճելըս շրջանի առաջնակարգ մանկավարժական հաստատութիւններէն մէկը:
Այս բոլորին հանելու համար, Արսինէ Աղազարեան շարունակեց իր ուսումը եւ մարզումները՝ ստանալով հետեւեալ վկայագիրները` Outdoor Classroom Specialist, CLASS Classroom Observer, ECERS Classroom Assessment, MAEYC Developmentally Appropriate Practice, Reggio Emila Training, Instructor Credential եւ Director Mentor:
Հազարաւոր երեխաներ իրենց կրթական առաջին փորձառութիւնները ապրած են մանկավարժութեան մարզի յառաջադէմ ներկայացուցիչներէն մէկը հանդիսացող Արսինէ Աղազարեանի հովանիին տակ, իրենց ստացած ընդհանուր գիտելիքներուն եւ ձիրքերուն հետ սորվելով նաեւ հայերէն, հայոց պատմութիւն, մշակոյթ եւ կրօնք:
Ուսումնական խորհուրդի անդամ Արթին Շահվերդեան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ Արսինէ Աղազարեանի շնորհիւ, վարժարանը շարունակաբար վարկաւորուած է 1999էն ի վեր, արձանագրելով բարձրագոյն նիշերը, սակայն այս բոլորէն կարեւոր նկատեց անոր ստեղծած ջերմ մթնոլորտը, որ հարազատ ընտանիքի մը եւ տան մը վերածած էր վարժարանը: «Օրիորդ Արսինէն իսկական նուէր մըն է վարժարանիս համար եւ անոր բացակայութիւնը միշտ պիտի զգանք», եզրակացուց ան:
Միւս կողմէ, հաստատութիւնը բարի գալուստ մաղթեց նոր վարիչին՝ Լորէթ Աւանէսեանին: Աւանէսեան Ազգային վարժարաններու եւ մանկամսուրներու շրջանակին քաջատեղեակ անձնաւորութիւն մըն է: Ան շրջանաւարտ է Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրէն եւ Շամլեան վարժարանէն ու կը ծառայէ Թիւֆէնքեան մանկամսուրին մէջ 2009էն ի վեր՝ իբրեւ համադրող վարչական, իսկ 2018էն ի վեր` իբրեւ օգնական վարիչ:
Աւանէսեան մագիստրոսի տիտղոս ունի մանկավարժական ճիւղին մէջ USC համալսարանէն, իսկ պսակաւոր արուեստի վկայականը ստացած է հոգեբանութեան ճիւղի մասնագիտութեամբ UCLA համալսարանէն: Նաեւ, մանկամսուրի տարիքի մանուկներու մանկավարժական կրթութիւնը ձեռք ձգած է` հետեւելով UCLA extension ծրագիրին եւ ունի հետեւեալ վկայագիրները` Child Development Program Director, Pupil Personnel Services Credential, Outdoor Classroom Specialist Training եւ Reggio Emilia International Study Tour:
Ուսումնական խորհուրդի երկար տարիներու անդամ Մարինա Մանուկեան կը յայտնէ, թէ մինչ վարժարանին վրայ իր դրոշմը ձգած Արսինէ Աղազարեանի բացայակութիւնը միշտ զգալի պիտի ըլլայ, վստահ է, որ Լորէթ Աւանէսեան իր փորձառութեամբ եւ կրթութեամբ, ինչպէս նաեւ Արսինէ Աղազարեանէն ստացած խորհուրդներով պիտի շարունակէ դէպի փայլուն ապագայ առաջնորդել վարժարանը: