Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2006ին, տեղի ունեցան Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի կիրակնօրեայ վարժարաններու Ամանորի հանդէսները, եկեղեցիներու սրահներուն մէջ։ Անոնց կարգին էր նաեւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի հանդէսը, որ սկսաւ պատարագէն ետք, «Աւետիսեան» սրահին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ներկայութեամբ Եփրեմ արք. Թապագեանի, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի, շրջանիս հոգաբարձութեան, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէութեան, Էնսինոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ եւ Արեւմտեան թեմի Երիտասարդական խմբակի ատենապետ Կրէկ Մարթայեանի եւ կիրակնօրեայ վարժարանիս բարեկամներու եւ ծնողներու։
Շրջանի հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան յայտագրի բացումը կատարեց Տէրունական եւ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքներով, ապա Զապէլ Կիրակոսեան կատարեց բացման խօսքը մէջբերելով Մատթէոսի Աւետարանի 19րդ համարի 13րդ գլուխը, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը թելադրէր ձգել մանուկները, որ իրեն գան, որովհետեւ անոնց էր երկինքի արքայութիւնը։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց առաջին դասարանի աշակերտները, առաջնորդութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն՝ Ովսաննա Մարգարեանի եւ Մարինա Սօֆեանի։ Անբացատրելի եւ ուրախալի էր անմեղ մանուկներու մատղաշ շրթներէն լսել «զԳործս ձեռաց մերոց» խմբային աղօթքը եւ ապա անոնց անհատական աղօթքները, որ իրենց ուսուցչուհիները սորվեցուցած էին ըստ իրենց տարիքի եւ ընկալումի յարմարութեան։
Առաջին դասարանին ներկայացումէն ետք, հանդիսավարը այս անգամ բեմ հրաւիրեց 2րդ դասարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիներ Դալար Չարըքեանի եւ Անժելա Տէօքմէճեանի, որ կատարեն խմբային աղօթք մը եւ անհատական սաղմոսներ։
Դալար Չարըքեան, օրուան երկրորդ հանդիսավարը, 3րդ եւ 4րդ դասարաններու աշակերտները բեմ հրաւիրեց ներկայացնելու բեմադրութիւն մը, Յիսուսի Ծնունդը, ղեկավարութեամբ իրենց ուսուցչուհիներ Զարուհի Քիլէճեանի եւ Էլմաստ Քիլէճեանի։ Աշակերտները ներկայացման ընթացքին, մէջ ընդ մէջ երգեցին «Լուռ գիշեր», «Այսօր տօն է Ս. Ծննդեան», «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականները, դաշնակի ընկերակցութեամբ Կոմիտաս Քէշիշեանի եւ ղեկավարութեամբ Սիրան Հալաճեանի։ Վստահաբար աշակերտներուն ձեռք բերած այս փորձառութիւնը, անջնջելի յիշատակներ պիտի ձգէ իրենց մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Ապա կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը միասնաբար ներկայացուց «Հիւսիս արեւելք, հարաւ արեւմուտք» երգը եւ Կիրակնօրեայի քայլերգով փակեց հանդիսութեան աշակերտական բաժինը։
Ռիթա Սօֆեան, երրորդ հանդիսավարը, բեմ հրաւիրեց վարժարանիս տնօրէնուհի Սեդա Քէչէճեանը. ան շնորհակալութիւն յայտնելով, յիշեց անունները պաշտօնական հիւրերուն, կազմակերպութիւններուն եւ ծնողներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ, բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեամբ միշտ զօրավիգ հանդիսացած են եւ կը շարունակեն հանդիսանալ Կիրակնօրեայ վարժարանին։ Ապա ան անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմի եւ աշակերտութեան մասնակցած ձեռնարկներուն, որոնց մէկ մասը կազմակերպուած եւ հովանաւորուած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Ազգային առաջնորդանին կողմէ. անոնց կարգին՝ Հոկտեմբեր 6ի Կիրակնօրեայ վարժարաններու միօրեայ սեմինարը, որ տեղի ունեցած էր Կլէնտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, եւ Հոկտեմբեր 28ին Միջին Արեւելեան քոյր եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու միօրեայ հաւաքը, որ տեղի ունեցած էր ղպտիներու Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Նոյեմբեր 26ին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը ունեցած էր իր անդրանիկ ծնողա-աշակիրտական պտոյտը դէպի Ռանըլտ Ռեկըն գրադարանը, կազմակերպութեամբ Ծնողա-ուսուցչական մարմինին եւ մասնակցութեամբ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ակեանին։
Անդրադառնալով կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմի կամաւոր աշխատանքներուն, տիկին Քէչէճեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք անոնց, նշեց կիրակնօրեայ վարժարանի միջավայրին մասին, ուր հայ մանուկը կը ստանայ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայկական ծէսերու գիտութիւն, յարգանք դէպի մեծերը, եկեղեցի եւ ազգ, եւ վերջապէս ան կը սորվի նաեւ աղօթքներ։ Տնօրէնուհին իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որ իր ծերութեան ատեն ալ չխոտորի»։
Հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Արապեան բեմ հրաւիրուելով փոխանցեց հոգաբարձութեան խօսքը. ան նաեւ անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակին, ուր ան 2006 տարին հռչակած էր Հայ դպրոցի տարի։
Հանդիսութեան վերջաւորութեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան խօսք առնելով յայտնեց իր սրտի ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը, ըսելով որ հրաշքի համազօր երեւոյթ մըն էր տեսնել եւ լսել այս մանուկներու բերնէն ելլող աղօթքները։ Սրբազան հայրը ներկաներուն յիշեցուց պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզի մէկ կէտը, հաւատքի մասին, ու յիշելով Յիսուս Քրիստոսի խօսքը, որ եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենանք, հրաշքներ կը գործենք, ան աւելցուց, որ եթէ մենք ալ հաւատք ունենանք մեր եկեղեցւոյ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու հանդէպ եւ չկասկածինք մեր հաւատքին մէջ, մեր աշակերտները հրաշքներ կը գործեն։ Ապա ան Աստուծմէ խնդրեց, որ իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ հրաշք մը գործէ ու ամրապնդէ մեր հաւատը, որ մենք ալ հրաշքներ գործենք։
Վերջապէս, սրբազանը դառնալով կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն, որոնք բեմի վրայ զինք մտիկ կ’ընէին, խնդրեց անոնցմէ, որ միասնաբար կատարեն «Ճաշակեսցուք» աղօթքը, որովհետեւ հանդէսին պիտի յաջորդէր ճաշի սպասարկութիւնը։
Քաջալերելի է տեսնել այս եւ նման ձեռնարկներ, որոնք առիթ կը հանդիսանան անդրադառնալու եւ արձագանգելու կիրակնօրեայ վարժարաններու տարած աշխատանքին. յուսալի է, որ այս ու նման հանդէսներ արժանի գնահատանք գտնեն մեր գաղութին մէջ։
(Թղթակից)