ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, 20 Յուլիսին, կէսօրէն առաջ ժամը 11ին, Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Տրդատ Բ.» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համաՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերու ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը:
Ասուլիսին ներկայ գտնուեցան հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, մարզախաղերուն մասնակցող պատուիրակութիւններու պատասխանատուներ եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսք առին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիա), մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսիլեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան (Հայաստան):
Տիրան Վահրատեան այս առիթով ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՄԸՄի 104ամեայ պատմութիւնը, կառոյցը եւ նպատակը՝ նշելով, որ միութեան նպատակը եղած է ու կը մնայ սկաուտութեան եւ մարզական գործունէութեան ճամբով միտքով ու մարմինով առողջ, հայեցի դիմագիծով, հայրենասէր եւ ազգասէր հայեր պատրաստել:
Սանտրա Վարդանեան ծանօթացուց ՀՄԸՄի Հայաստանի կառոյցը, որ արդէն ունի 33 տարուան պատմութիւն եւ կը գործէ Երեւանի մէջ 7 եւ Երեւանէն դուրս 5 աշխուժ մասնաճիւղերով:

Ապա, Մանուէլ Մարսիլեան խօսեցաւ համաՀՄԸՄական մարզախաղերուն մասնակցող պատուիրակութիւններուն եւ կիրարկուելիք մարզախաղերուն մասին: Ան ըսաւ, որ այս մարզախաղերուն կը մասնակցին ՀՄԸՄի 19 շրջաններէն, առաւել՝ Թեհրանի «Արարատ» միութենէն 645 մարզիկներ: Իբրեւ նորութիւն՝ առաջին անգամ ըլլալով, մարզախաղերուն կը մասնակցին նաեւ յատուկ խնամքի կարօտ 184 պատանիներ եւ երիտասարդներ՝ 12-22 տարեկան: Երկու օրուան վրայ երկարելիք անոնց մարզախաղերը կը կոչուին «Հրաշք» մարզախաղեր:
Անկէ ետք ասուլիսին մասնակցողները պատասխանեցին ներկայ լրագրողներու հարցումներուն:
Հինգշաբթի, 21 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10ին, համաՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերու յայտագիրները ընթացք առին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը այցելութեամբ:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ եւ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին ուղեկցութեամբ, մարզախաղերուն բոլոր մասնակցողները Եռաբլուրի մէջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական պատնէշին վրայ ինկած բոլոր հերոսներուն եւ յատկապէս ոգեկոչեցին յիշատակը ՀՄԸՄական 12 նահատակներուն, որոնք անձնուիրաբար զոհուեցան Արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն ընթացքին:
Եռաբլուրի մէջ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով ատենապետ Վաչէ Նաճարեան յարգանքի ծաղկեպսակ մը զետեղեց նահատակաց պանթէոնի կեդրոնական յուշաքարին առջեւ:
ՀՄԸՄի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Վիգէն Աւագեան։ «Եռաբլուրը հայ մարդուն համար սրբարան է: Հոս կը հանգչին մեր ազգի «լաւագոյն տղերքը»: Եռաբլուրի սրբազան հողին տակ հանգչող աճիւնները աւելի ուժ կու տան մարդոց՝ քան շատ մը ողջ մարդիկ: Հայ մարդը այսօր Եռաբլուր կ՛այցելէ իր ճակատէն սրբելու համար հայրենիք կորսնցուցածի ամօթը եւ իր խիղճէն հեռացնելու համար պարտութիւն կրածի զգացումը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Մեր նահատակները մեր հպարտութիւնն են, որովհետեւ անոնց թափած արեամբ ներկուած է մեր ազգային դրօշին կարմիրը: Մեր նահատակները մեր փառքն են ու պատիւը, մեր պարծանքն են ու մեր սխրանքը, գոյատեւելու մեր կամքը եւ զարգանալու մեր վճռականութիւնը՝ մեր հին ու նոր թշնամիներուն պարտադրելու համար մեր խաղաղութիւնը, ազգային մեր տեսլականներուն առաջնորդող քաղաքական մեր կամքը։ Մեր նահատակները ինկան, որպէսզի մենք ապրինք: Իսկ մենք պիտի ապրինք, որպէսզի իրենք յաւերժ ապրին մեր յիշողութիւններուն, ապրումներուն, մեր ժողովուրդի պատմութեան եւ ապագայի երազներուն մէջ, մինչեւ որ օր մը իրարու համընկնին մեր պետութեան եւ հայրենիքի սահմանները: Ճիշդ է, կարճ եղաւ մեր նահատակներուն երկրաւոր կեանքը, բայց անոնք կրցան այդ կարճ կեանքը նոյնիսկ արժեւորել ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ: Անոնք հայրենիքի հանդէպ իրենց պարտքը կատարեցին մեր բոլորին կողմէ, իսկ մեր պարտքը իրենց հանդէպ պիտի ըլլայ անշեղօրէն շարունակել իրենց ուղին, հայութեան եւ Հայաստանի ծառայութեան ուղին»:
Խօսքէն ետք, 20 շրջաններու 645 մարզիկ-մարզիկուհիները խումբերու բաժնուած՝ այցելեցին Եռաբլուրի մէջ իրենց վերջին հանգիստը գտած անմահներու գերեզմանները, մինչ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները փառք ու պատիւ ընծայեցին Եռաբլուրի մէջ իրենց երկրորդ կեանքը ապրող ՀՄԸՄականներուն՝ յատուկ ծաղկեկողովներ զետեղելով անոնց շիրիմներուն:


Աւարտին, ազգային-հայրենասիրական երգեր երգելէ ետք, այցելութիւնը պսակուեցաւ խմբային լուսանկար մը առնելով:
Յայտնենք, որ համաՀՄԸՄական մարզախաղերուն պաշտօնական բացումը կը կատարուի «Հայ մարզիկի օրը»՝ 22 Յուլիսի երեկոյեան, «Ազատութեան» հրապարակին վրայ կատարուելիք մեծաշուք հանդիսութեամբ: Հանդիսութեան կը նախորդէ Ծիծեռնակաբերդի մէջ մարզախաղերու ջահավառութիւնը եւ մասնակցող պատուիրակութիւններու տողանցքը՝ Մատենադարանի մօտէն մինչեւ «Ազատութեան» հրապարակը:
Մարզախաղերու գլխաւոր բոլոր հանդիսութիւնները ուղղակիօրէն պիտի սփռուին «Երկիր Մետիա»ի (Երկիր Մեդիա – Yerkir Media TV) եւ ՀՄԸՄի «Ֆէյսպուք»ի (Homenetmen- ՀՄԸՄ) պաշտօնական էջերուն վրայ: