ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- «Մենք Հայաստանի հետ երկկողմ ձեւաչափով գործընթացի սկսած ենք, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ անիկա իրականութեան մէջ եռակողմ է», յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու թրքական «TRT Haber» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին: «Մենք իւրաքանչիւր քայլ կը համադրենք Ատրպէյճանի հետ՝ Հայաստան ուզէ, կամ՝ ոչ, իրականութիւնը այս է: Մենք մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն ենք», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ 11 Յուլիսին տեղի ունեցած առաջին հեռաձայնային զրոյցին՝ Չաւուշօղլու նշեց, որ Էրտողան Փաշինեանին ներկայացուց իր տեսակէտները: «Թէ՛ Թուրքիա, թէ՛ Ատրպէյճան խաղաղութիւն կ՛ուզեն Հարաւային Կովկասի մէջ: Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք թէ՛ մեր եւ թէ Ատրպէյճանի առաջարկները եւ յայտարարութիւնները յայտնի են», ըսաւ ան:
Թուրքիա եւ Հայաստան Դեկտեմբեր 2021ին յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար նշանակեցին յատուկ ներկայացուցիչներ, որոնք արդէն չորս հանդիպումներ ունեցան:
Չաւուշօղլու յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումը նկատեց «վստահութեան բարձրացման միտուած քայլ» եւ նշեց, թէ «իբրեւ մեծ պետութիւն մեր այդ վարմունքը (ժեսթը) բնական է»:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հանդիպումներուն՝ նշելով, որ այդ ծիրին մէջ ձեռք բերուած են որոշ համաձայնութիւններ։ «Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի ընդհանուր սահմանային յանձնաժողովի ստեղծման, որ կապ ունի սահմաններու ճշդման հետ: Երկրորդը խաղաղութեան համապարփակ պայմանագիրի մը շուրջ բանակցութիւններու սկսելու մասին է: Երրորդը տարածաշրջանային նախագիծերու իրականացումն է, որ կը ներառէ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքը: Որովհետեւ «միջին միջանցքը» մեծ կարեւորութիւն ստացած է ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով, կարգ մը հանդիպումներ տեղի ունեցան Ատրպէյճանի եւ Միջին Ասիոյ պետութիւններէն Ուզպեքիստանի եւ Ղազախիստանի ներկայացուցիչներուն հետ, որովհետեւ անիկա ճակատագրական նշանակութիւն ունի առեւտուրի համար: Այդ պատճառով, այդ նախագիծերու իրականացումը շատ կարեւոր է», ըսաւ Չաւուշօղլու: