ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ-թրքական ցամաքային սահմանը այլ երկիրներու քաղաքացիներու համար բանալու շուրջ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութենէն շուրջ երկու ամիս ետք, Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Անգարայի յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչ Կիրակի, 24 Յուլիսին այցելեց սահմանամերձ շրջանները:
Այս մասին տեղեկացուց Կարսի մէջ լոյս տեսնող Gazete Kars թերթը:
Ըստ նոյն թերթին՝ Քըլըչ նախ Կարսի մէջ այցելեց Ռազմական պատմութեան թանգարանը, որմէ ետք դիւանագէտը ուղղուեցաւ հայ-թրքական սահմանը՝ այցելելով Անիի աւերակները եւ Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող «Դողուքափը» անցակէտը:
Թերթին մէջ հրապարակուած լուսանկարներէն պարզ կը դառնայ, որ այցելութեան ընթացքին, Քըլըչ հանդիպում ունեցած է նաեւ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն հետ:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացներու վերջին՝ 1 Յուլիսին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ բանալ ցամաքային սահմանը այլ երկիրներու քաղաքացիներու համար, ինչպէս նաեւ սկսիլ երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ օդային բեռնափոխադրութիւններու:
Ասոր զուգահեռ, թրքական Karsolay կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ, Կարսի Արփաչայի շրջանի սահմանամերձ հատուածին մէջ, ականազերծման աշխատանքներու ատեն պայթում մը պատահած է: Պարզուած է, որ այդ պատճառով վիրաւորուած է ականազերծում կատարող ընկերութեան աշխատակիցը, որ արագօրէն տեղափոխուած է հիւանդանոց:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ յայտնի դարձաւ, որ թրքական կողմը ականազերծման աշխատանքներ կը կատարէ Հայաստանի հետ սահմանին՝ Կարսի նահանգի հատուածին մէջ: