ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական «Թէ.Ար.Թէ.» լրատուականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:
«Երկու երկիրներու կրօնական տօներու ծիրին մէջ, հեռաձայնային զրոյց ունեցայ վարչապետ Փաշինեանի հետ, փոխադարձ շնորհաւորութիւններ փոխանցեցինք: Անշուշտ, մենք խօսեցանք նաեւ մեր երկրի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին: Մեր կարմիր գիծն սկիզբէն Ատրպէյճանն էր: Մենք ըսինք, որ Ատրպէյճանի հարցի լուծումէն ետք միա՛յն կը բանանք մեր սահմանը: Ուրախ էի նաեւ լսելու, որ Փաշինեան տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ համագործակցութեան առումով մեզի հետ կը կիսէ այսպիսի միտքեր: Հիմա մենք կ՛ակնկալենք, որ անոնք (Հայաստան-Խմբ.) խօսքէն զատ յստակ քայլերու կը ձեռնարկեն: Մենք լուրջ եւ վճռական տրամադրուած ենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ: Մենք նաեւ ամբողջական բնականոնացման եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակ ունինք», յայտնեց Էրտողան եւ դարձեալ շեշտեց, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ գործընթացը կը մշակէ Ատրպէյճանի հետ համադրելով: