ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, 3 Օգոստոսին, ատրպէյճանական կողմը խախտեց հրադադարի դրութիւնը. անոր կողմէ օգտագործուեցան ականանետներ, նռնականետեր եւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, եւ այս բոլորին պատճառաւ նահատակուեցան պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինուորական ծառայողներ Գուրգէն Գալերիի Գաբրիէլեան եւ Արթուր Եուրիի Խաչատրեան: Վիրաւորուեցան 19 զինուորներ, որոնցմէ 4ին վիճակը ծանր է, մէկունը՝ շատ ծանր։ Անոնց մէկ մասը փոխադրուեցաւ Հայաստան։ Լուրը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ փոխանցեց Արցախի պաշտպանութեան բանակ, ըստ որուն, երեկոյեան ժամը 6ի դրութեամբ գետնի վրայ մարտավարական իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն էր:
Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող Ռուսիոյ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ միջոցներու ձեռնարկուեցան՝ իրադրութիւնը կայունացնելու ուղղութեամբ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկագիրով մը յայտնեց, թէ ռուս խաղաղապահ զօրախումբը արձանագրեց, որ 3 Օգոստոսին, շփման գիծին մէջ հրադադարի դրութիւնը խախտեց ատրպէյճանական կողմը։
«Կ՛արձանագրուի իրավիճակի սրացում զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ: Սարիպաբպա բարձունքի հատուածին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը խախտեցին հրադադարի դրութիւնը: Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ միջոցներու ձեռնարկեց՝ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ», ՛ըսուի տեղեկագիրին մէջ:
Աւելի ուշ, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով`3 Օգոստոսէն յայտարարուեցաւ մասնակի զօրահաւաք:
Յարութիւնեան նաեւ գլխաւորեց Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստին՝ քննարկելու համար հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական դրութիւնը:
«Սադրանք որակելով Ադրբեջանի կողմից Արցախի նկատմամբ Օգոստոսի 1ից իրականացուող գործողութիւնները` նշել եմ, որ իրավիճակը լիցքաթափելու եւ խաղաղ հանգուցալուծելու նպատակով Արցախում տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան միջոցով կատարւում են անհրաժեշտ քայլեր: Ուստի, դիմում եմ մեր բոլոր հայրենակիցներին` խնդրելով պահպանել զսպուածութիւն եւ հանգստութիւն: Կարող ենք արձանագրել, որ այս փուլում որոշակի փոփոխութիւններ կան իրավիճակի լիցքաթափման հարցում` կապուած ե՛ւ ռազմական իրադրութեան, ե՛ւ Բերձորի միջանցքի հետ», աւելի ուշ գրեց Արային Յարութիւնեան իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը խստիւ դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ վերջին օրերուն Արցախի նկատմամբ յարձակողական գործողութիւններու նոր ալիքը եւ զայն նկատեց հայատեացութեան դրսեւորում, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան խախտման, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ առաքելութեան վարկաբեկման բիրտ փորձ:
«Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարութիւնը կոչ է անում միջազգային հանրութեանը հասցէական որակաւորում տալ Ադրբեջանի գործողութիւններին եւ կիրառել համապատասխան քայլեր` սանձելու պաշտօնական Բաքուի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը: Արցախահայութիւնը հաստատակամ է եւ վճռական` իր հողում ազատ ու ինքնիշխան ապրելու եւ բոլոր դժուարութիւնները արժանապատիւ կերպով յաղթահարելու մէջ», կ՛ըսուի Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անգամ մը եւս վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու օրակարգին եւ կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ միջոցներու ձեռնարկելու Ատրպէյճանի յարձակողական կեցուածքն ու գործողութիւնները կասեցնելու եւ անոր համար անհրաժեշտ միջազգային գործիքակազմեր գործարկելու ուղղութեամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի նաեւ հետեւեալը.
«Օգոստոսի 3ին Ադրբեջանի զինուած ուժերը, հերթական անգամ խախտելով Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ադրբեջանի ղեկավարների` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտում կրակի դադարեցման մասին 2020 թ. Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութիւնը, ագրեսիա (յարձակում) են ձեռնարկել ռուսական խաղաղապահ զօրքերի պատասխանատուութեան գօտում, ինչի հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ:
«Չնայած հայկական կողմի` տարածաշրջանում կայունութեան եւ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ իրականացուող քայլերին` Ադրբեջանը շարունակում է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեանը ահաբեկելու, Լեռնային Ղարաբաղն ցեղային զտման ենթարկելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի սողացող օկուպացման (գրաւման) ծրագրաւորուած քաղաքականութիւնը:
«Յիշեցնենք, որ նմանօրինակ ագրեսիայի եւ հրադադարի խախտման դէպքեր են հանդիսանում այս տարուայ Մարտի 24ին ադրբեջանական զինուած ուժերի անօրինական առաջխաղացումը Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ, 2020 թուականի Դեկտեմբերին 11ին Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր գիւղերի ուղղութեամբ ձեռնարկուած գրոհը, որոնք նոյնպէս գտնւում են Լեռնային Ղարաբաղում ՌԴ խաղաղապահ զօրախմբի պատասխանատուութեան գօտում:
«Անթոյլատրելի ենք համարում ադրբեջանական կողմից հնչող յայտարարութիւնները, որոնցով փորձ է արւում միակողմանիօրէն փոփոխել Լաչինի միջանցքում եռակողմ յայտարարութեան 6րդ կէտով սահմանուած իրաւական ռեժիմը, եւ վերահաստատում, որ Լաչինի միջանցքով անցնող երթուղին կարող է փոփոխուել միայն յայտարարութիւնը ստորագրած կողմերի հաստատած պլանի (ծրագիրին) համաձայն:
«Ինչպէս յստակ սահմանում է Նոյեմբերի 9ի յայտարարութիւնը` կողմերի (այսինքն` Ռուսաստանի Դաշնութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան) համաձայնեցմամբ առաջիկայ երեք տարուայ ընթացքում կ՛որոշուի Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապն ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղու կառուցման պլանը, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի յետագայ վերատեղաբաշխմամբ` այդ երթուղու պահպանութեան համար:
«Ընդգծում ենք, որ մինչ օրս եռակողմ ձեւաչափով հաստատուած նման պլան չկայ եւ եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կողմերին կոչ ենք անում հաւատարիմ մնալ իրենց կողմից ստանձնած պարտաւորութիւններին, անյապաղ ջանքեր գործադրել Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեամբ հաստատուած պայմանների իրագործման, ներառեալ` հրադադարի ռեժիմի պահպանման, տարածաշրջանային կոմունիկացիաների (հաղորդակցութիւններու) բացման, ռազմագերիների, պատանդների, այլ պահուող անձանց վերադարձման ուղղութեամբ:
«Հարկ ենք համարում եւս մէկ անգամ արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կատարել է իր կողմից ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները: Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան մի շարք կէտերի չկատարման պատճառը Ադրբեջանի կողմից դրանց կամայական մեկնաբանութիւններն են, շարունակուող ագրեսիւ հռետորաբանութիւնն ու գործողութիւնները:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւս մէկ անգամ վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը տարածաշրջանում խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու օրակարգին, միջազգային հանրութեանը կոչ է անում միջոցներ ձեռնարկել Ադրբեջանի ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) կեցուածքը եւ գործողութիւնները կասեցնելու եւ դրա համար անհրաժեշտ միջազգային մեխանիզմներ գործարկելու ուղղութեամբ»:
Դէպքին արձագանգեց նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ ընդգծելով, որ, հակառակ 2020ին կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնութեան, Ատրպէյճան իր որեւէ մէկ պահանջք կը զուգորդէ ուժի կիրարկումով կամ ուժ գործադրելու սպառնալիքով` կոպտօրէն խախտելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար դրոյթները, իսկ միջազգային կառոյցները եւ լրատուամիջոցները կ՛անտեսեն կատարուածը։
Սահմանային լարուածութիւնը արձանագրելէ ետք՝ Ստեփանեան կը գրէ հետեւեալը. «Այս ամէնը կատարւում է այն պարագայում, երբ 2020 թուականի Նոյեմբերից կողմերի համաձայնութեամբ հաստատուել է հրադադար եւ Արցախում տեղակայուել են ռուսական խաղաղապահ ուժեր` Արցախի ժողովրդի խաղաղութիւնն ապահովելու համար: Սա խօսում է այն մասին, որ խաղաղութիւն Արցախում պատշաճ կերպով չի հաստատուել, իսկ ադրբեջանական կողմը չի կատարում յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները` ամենատարբեր առիթներ օգտագործելով ուժի կիրառմամբ այս կամ այն հարցերի շուրջ զիջումներ պարտադրելով»։
Ըստ անոր՝ տարբեր հարցերու վերաբերեալ տարուող բանակցութիւններու ընթացքին հայկական կողմը ստիպուած կ՛ըլլայ երթալ զիջումներու, որուն իբրեւ արդիւնք կոպտագոյն ձեւով կը ոտնակոխուին մարդոց ամէնէն տարրական իրաւունքները` ընդհուպ կեանքի իրաւունքը: «Ռուսական խաղաղապահների չյստակեցուած մանդատի (յանձնառութեան) եւ խիստ սահմանափակ թուակազմի պատճառով փխրուն ու յարաբերական խաղաղութիւնը պարբերաբար վտանգւում է, իսկ Արցախի ժողովուրդն իր իրաւունքների պաշտպանութեան համար նորից պայքարում է միայնակ: Միջազգային տարբեր դերակատարների կողմից պարբերաբար հնչում են խաղաղութեան հաստատմանն աջակցող յայտարարութիւններ: Որտե՞ղ է այդ աջակցութիւնը: Որտե՞ղ են համանախագահող երկրների իրական քայլերը տեղում մարդկանց իրաւունքները պաշտպանելու, մարդկանց կեանքերը փրկելու, մարդկանց խաղաղ կենսագործունէութիւնն ապահովելու հարցում: Որտե՞ղ են ՄԱԿի, ԵԽի կամ ԵԱՀԿի գործողութիւնները: Թէ՞ ամէն ինչ ուղղակի սին խօսքերի մակարդակում է», յայտնեց Ստեփանեան:
Ան շեշտեց, որ աշխարհի այլ վայրերու մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններու վերաբերեալ միջազգային մետիան մէկ վայրկեան իսկ չի լռեր, միջազգային կազմակերպութիւնները հանդէս կու գան յայտարարութիւններով, աննկարագրելի տարողութեամբ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, իսկ Արցախի ժողովուրդը, որ տասնեակ տարիներով ուղղակի կը պայքարի ատրպէյճանական բռնապետութեան դէմ, կ՛անտեսեն: «Միջազգային կառոյցների յարգելի՛ գործընկերներ, ձեր անհետեւողականութեան, հակամարտութիւնը փորձագիտական դաշտում քննարկելուց այն կողմ չանցնող գործողութիւնների հետեւանքով Ադրբեջանը իրեն անպատժելի է զգում ու դիմում է ամենատարբեր լկտիութիւնների: Միթէ՞ կարելի է այսքան բացայայտ երկակի ստանդարտներով (օրինաչափերով) առաջնորդուել, միթէ՞ կարելի է քաղաքական շահերից կուրանալ ու անտեսել մարդկանց ու նրանց իրաւունքները», եզրափակեց ան։
Իսկ Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Շուշի-Բերձոր-Գորիս միջպետական մայրուղին երկկողմանի բաց է՝ դիտել տալով, թէ Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհի «Բերձորի մարդասիրական միջանցք»ին մէջ դէպքեր եւ պատահարներ չեն արձանագրուած:
Ազատ եւ անվտանգ երթեւեկը կ՛ապահովէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը։