ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 8 Օգոստոսին, զէնքի օգտագործման կանոնները խախտելու եւ ապահովական կանոնները չպահպանելու պատճառով վիրաւորուեցան բանակի պայմանագրային զինուորներ Գուրգէն Ալեօշայի Դանիէլեան եւ Արթուր Եուրիկի Առուշանեան: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Վիրաւորներուն վիճակը ծանր է:
Դէպքին Մանրամասնութիւնները յստակացնելու համար քննութիւն կը կատարուի։