
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
1896ին, ի պատասխան եւրոպական պետութիւններու կողմէ հայկական գաւառներու համար նախատեսուած Մայիսեան բարենորոգումներու ծրագիրին, սուլթան Համիտ Բ. կազմակերպեց ջարդեր հայկական նահանգներուն մէջ, որոնց զոհ գացին 300,000 հայեր: Այս ջարդերը, Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ կազմակերպուած ամենամեծ ջարդերն էին, որոնք գործադրուեցան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Համիտեան այս ջարդերու հետեւանքով բարենորոգումներու ծրագիրը վիժեցաւ եւ հայութեան համար քաղաքական անորոշութեան եւ ֆիզիքական անվտանգութեան սարսափը աւելի շեշտակի դարձաւ:
Հայութեան դէմ կատարուած անմարդկային այս ջարդերուն պատճառով, Պոլսոյ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն կ՛որոշէ գրաւել Պանք Օթոմանը։ Գործողութեան ծրագիրին հեղինակը 23 տարեկան երիտասարդ Բաբգէն Սիւնին էր (Պետրոս Փարեան): Ստանալէ ետք Արեւմտեան Բիւրոյի հաւանութիւնը, կ՛որոշուի Օգոստոս 14ին կատարել դրամատունը գրաւելու գործողութիւնը:
Այսպէս, 1896ի Oգոստոս 14ին, 31 զինուած դաշնակցականներ կը գրաւեն Պոլսոյ Օսմանեան դրամատունը: Գործողութեան ղեկավարներն էին՝ Բաբգէն Սիւնի, Արմէն Գարօ եւ Հրաչ Թիրեաքեան: Դրամատուն մտնելու եւ գրաւելու առաջին պահին իսկ բախում ունենալով պահակներուն հետ, Բաբգէն Սիւնիի մօտ գտնուող ռումբերը կը պայթին եւ ան կը նահատակուի դրամատան մուտքին: Գործողութեան սկիզբն իսկ նահատակուելով հանդերձ, Բաբգէն Սիւնիի անունը անմահացաւ եւ նոյնացաւ այս գործողութեան հետ:
Դրամատունը գրաւելէ ետք, հայ յեղափոխականները կը դիմեն եւրոպական պետութիւններուն, հետեւեալ պահանջներով, այլապէս կը սպառնան պայթեցնել դրամատունը․
«Մեր պահանջներն են.
1 – Ապահովել միջազգային միջամտութեամբ ամբողջ երկրի խաղաղութիւնը:
2 – Ընդունիլ բոլոր պահանջները, որ դրած է Հ Յ Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէն:
3 – Մեր դէմ ուժ չգործադրել:
4 – Կեանքի կատարեալ ապահովութիւն թէ՛ պանքի մէջ գտնուողներուն եւ թէ՛ քաղաքի այլ մասերուն մէջ խառնակութեանց մէջ մասնակցողներուն:
Պանքի շարժական գոյքը, դրամը կը մնան անվնաս մինչեւ մեր պահանջներու գործադրութիւնը: Հակառակ պարագային բոլոր թուղթերը, դրամը կ՛ոչնչացնենք եւ մենք ալ պանքի աշխատողներուն հետ միասին պանքի փլատակներուն տակ կը գտնենք մեր մահը»:
Եւրոպական պետութիւններու դեսպանութիւններու անունով դրամատունը գրաւողներուն հետ կը բանակցի Ռուսիոյ դեսպանատան թարգմանիչ Մաքսիմով, որ կը խոստանայ ճնշումներ գործադրել սուլթանին վրայ, որ բարենորոգումները իրականացուին, ինչպէս նաեւ դրամատունը գրաւողներուն անվնաս դուրս բերել եւ հասցնել Ֆրանսա: 14 ժամ դրամատունը գրաւած պահելէ ետք եւ յետ խոստումներու եւ հաւաստիացումներու, յեղափոխականները դուրս կու գան դրամատունէն եւ ուղղուելով քարափ, կը տեղափոխուին Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը:
Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ կատարուած իւրայատուկ գործողութիւն մըն է; Անոր նկարագրական ամէնէն հարազատ ձեւով կը փոխանցէ գործողութեան մասնակից ղեկավարներէն Արմէն Գարօն իր «Ապրուած Օրեր» գիրքին մէջ, իսկ գործողութեան նուիրուած երգը եղաւ բոլոր սերունդներու ամէնէն սիրած յեղափոխական երգերէն մէկը եւ ոգեւորեց ու դաստիարակեց ամբողջ սերունդներ:
Առաջին հերթին, գործողութիւնը տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ: Այս բնոյթի գործողութիւն մայրաքաղաքին մէջ աննախընթաց էր, եթէ զանց առնենք Պապ Ալիի եւ Գում Գափուի ցոյցերը, որոնք աւելի խաղաղ բնոյթ կը կրէին: Այս երկու ցոյցերուն հետեւած օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու զանգուածային կոտորածները յուշած էին դրամատունը գրաւողներուն, թէ խաղաղութեան անուան տակ եղած գործողութիւնները եւս հաշուեյարդարի կ՛ենթարկուին եւ հետեւաբար անհրաժեշտ էր զէնքի դիմել:
1878ին, Պերլինի վեհաժողովին Հայկական Հարցի միջազգայնացումը առիթ տուաւ օսմանեան կառավարութեան արեան մէջ ճնշելու հայկական բարենորոգումներու հետ կապուած ամէն միջամտութիւն: Դեռ 1896ին, Պոլսոյ Դաշնակցութեան ԿԿը հասկցած էր, որ պէտք է հարուածել եւրոպական պետութիւններուն տնտեսական շահերուն, ստիպելու համար, որ աւելի ազդեցիկ դերակատարութիւն ստանձնեն եւ իրենց քաղաքական խոստումները յարգեն: Պանք Օթոմանը եւրոպական դրամագլուխով դրամատուն էր եւ մայր երակն էր եւրոպական երկիրներու օսմանեան կայսրութեան տարածքին անոնց ֆինանսական գործառնութիւններուն: Հարուածելով դրամատունը եւ եւրոպական դրամագլուխը, գործողութեան կազմակերպիչները համոզուած էին որ իրենց շահերը չվնասելու համար, եւրոպացիները պիտի միջամտեն եւ Մայիսեան բարենորոգումներու ծրագիրը գործադրել կուտ ան սուլթանին:
Վերջապէս պէտք է ընդգծել նաեւ այն իրողութիւնը, որ դրամատունը գրաւած մեր յեղափոխականները մնացին դաշնակցականի բարոյականի բարձրութեան վրայ: Ամբողջ գործողութեան ընթացքին անոնք ոչ մէկ վնաս պատճառեցին դրամատան շուրջ 200 պաշտօնէութեան, որոնց մեծամասնութիւնը եւրոպացիներ էին: Իսկ նոյնքան կարեւոր է արձանագրել, որ դաշնակցական այս մարտիկները ոչ մէկ լումայ չվերցուցին իրենց հետ, այսպիսով ապացուցելով բոլորին, թէ իրենց գործողութիւնը կը հետապնդէ միմիայն քաղաքական նպատակներ:
Պանք Օթոմանի գործողութիւնը համիտեան ջարդերուն հակադարձութիւն ըլլալով հանդերձ, քաղաքական աքթ մըն էր, որ ցնցեց այդ օրերու Պոլիսը եւ մղեց եւրոպական պետութիւնները աւելի վճռական եւ գործօն միջամտութիւն ցուցաբերելու հայկական հարցի նկատմամբ: