ՔԱՐԱՔԱՍ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, Վենեզուէլլայի նախագահ Հիւկօ Չաւէզ վերընտրուած է իր պաշտօնին, Կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններով:
Չաւէզ այս անգամ պարտութեան մատնեց Մանուէլ Ռոզալէսը, որ համախմբած էր ընդդիմութեան բոլոր հատուածները:
Չաւէզ ապահովեց քուէներուն մօտաւորապէս 61 տոկոսը:
«Չաւէզը առաջին նախագահն է, որ աշխատեցաւ աղքատին համար. ան մեզի պարգեւեց ընկերվարութիւնը, եւ անոր հետ՝ երկրին բարիքներէն բաժին մը», ըսաւ քուէարկող մը:
125 հազար զինուորներ օժանդակեցին ոստիկանութեան՝ կանխարգիլելու համար ընտրութիւններուն ընթացքին օրինազանցութիւններն ու խռովութիւնները:
Քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 16 միլիոն վենեզուէլլացիներու ընտրութիւններուն ազատութեան եւ թափանցիկութեան հսկելու համար Վենեզուէլլա կը գտնուէին դէտեր Եւրոպական միութենէն, «Քարթըր» հիմնարկէն եւ այլ կազմակերպութիւններէ:
Չաւէզ «սատանայ» կոչած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշը, Իրանի կողմը բռնած է Ուաշինկթընի դէմ, սերտացուցած է Քուպայի հետ յարաբերութիւնները եւ նեցուկ կանգնած՝ Լատին Ամերիկայի ամբողջ տարածքին ձախակողմեան թեկնածուներու մղած ընտրական արշաւներուն:
Նկարին մէջ, Չաւէզ կ’ողջունէ իր համակիրները: