Գիտական յօդուածը պատրաստուած է դոկտ. Վիգէն Սէփիլեանի կողմէ: Կը ներկայացնենք որոշ յապաւումներով եւ թարգմանաբար:
Դոկտ. Սէփիլեանը վկայեալ ու փորձառու էնտոքրինոլոճիսթ եւ ամլութեան մասնագէտ մըն է: Նաեւ կնախտաբան ու մանկաբարձ է (Obstetrician): Ան բժշկական իր դոկտորական տիտղոսին եւ զոյգ փորձառական մասնագիտութիւններուն կողքին ունի նաեւ մագիստրոսական տիտղոս վերարտադրական առողջութեան (reproduction health) բնագաւառէն ներս:
Հոկտեմբեր 30-Նոյեմբեր 5 շաբաթը յայտարարուած է որպէս Ազգային ամլութեան գիտակցութեան շաբաթ: Այս առթիւ այս օգտաշատ յօդուածը ձեր տրամադրութեան կը յանձնենք:
Երեխայի մը ծնունդը ամէնէն ուրախալի եւ յիշատակելի պահը կը համարուի զոյգի մը կեանքին մէջ: Իսկապէս երեխան ընտանիքի մը երջանկութիւն եւ բաւարարութիւն կը բերէ: Մենք սակայն, որպէս մարդկային էակներ, յաճախ վերարտադրման աստուածային շնորհը շատ բնական եւ անգիտակից ձեւով կ’ընդունինք: Զոյգեր, որոնք կը չարչարուին երեխայ ունենալու համար, ամէն միջոցի կը դիմեն զաւակ մը աշխարհ բերելու համար, անոնք աւելիով կրնան այս պարգեւին յարգը գիտնալ: Իրականութեան մէջ քիչ չէ թիւը այն զոյգերուն, որոնք ամուլ ամուսնութիւն ունին: Ներկայի վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ 7 զոյգերէն մէկը ամուլ ամուսնութիւն ունի: Ամլութիւնը կը սահմանուի ամուսնացած զոյգի մը մէկ տարուան անկաշկանդ սեռային յարաբերութենէն ետք, երբ անոնց յղանալու փորձերը կը ձախողին:
Ամլութիւնը բացատրելէ առաջ հարկ է բացատրել յղութեան ընթացքը:
Կանանց հասուն ձուն կ’արձակուի իգական ձուարանէն: Այս մէկը կը կոչուի ձուարձակում: Արձակուելէն ետք ան պէտք է անցնի ֆալոփեան փողին մէջ ու միաժամանակ այր մարդուն սերմը պէտք է հասնի իգափողէն դէպի ֆալոփեան խողովակի վերի բաժինը, անցնելով արգանդէն, որպէսզի բեղմնաւորէ այդ ձուն: Բեղմնաւորուած ձուն պէտք է լողայ ու հասնի մինչեւ արգանդ՝ խրուելու համար անոր ներքին պատերուն վրայ եւ այն ժամանակ յղութիւնը կը հաստատուի: Ամլութիւն կը համարուի այս ընթացքին որեւէ բաժնի մէջ կատարուած խախտումը:
Անբնական ձուարձակումը կը համարուի չորս ամուլ պարագաներէն մէկուն պատճառը: Կանանց դաշտանի ընթացքը կը նկատուի ձուարձակման նշան: Սովորաբար կանանց մօտ ձուարձակման ընթացքը կ’երկարի 24-34 օրերու միջեւ: Եթէ կարգ մը կիներու պարագային դաշտանի ընթացքը ամիսներ անգամ մը տեղի կ’ունենայ, այդ մէկը կը նշանակէ, թէ ձուարձակման հարց գոյութիւն ունի: Այս պարագային արագ մասնագէտի դիմելը աւելի շուտ դարմանուելու պատճառ կրնայ ըլլալ: Արեան քննութեամբ կարելի է քննել արեան մէջ գտնուող փրոճեսթերոն հորմոնին քանակը: Տնային պայմաննելու մէջ կրնաք պարզ եւ դիւրին միջոցներով դեղարանէն քննութեան սարք (0vulation Kit) առնելով միզային քննութեամբ մը գիտնալ, թէ ձուարձակում տեղի կ’ունենա՞յ կամ ոչ: Ձեր բժիշկը կը թելադրէ նաեւ մարմնի ջերմութիւնը չափել ամէն առաւօտ, որպէսզի անոր ընթացքէն իմանայ, թէ ձուարձակում տեղի կ’ունենա՞յ, թէ ոչ:
Մօտաւորապէս երեք ամուլ պարագաներէն մէկը կ’ըլլայ ֆալոփեան խողովակներու խցանում կամ իգափողի տեղադրման ձեւը: Այս պարագային սերմը չի կրնար հասնիլ ձուին, հետեւաբար բեղմնաւորում տեղի չ’ունենար: Կարգ մը կիներ կրնան յատուկ պարագայ մը ունենալ, որ կը կոչուի ինտոմէթրիոսիզ: Այս մէկը գրգռում կամ սպիացում կրնայ յառաջացնել իգափողի ներքին մասերուն մէջ, որ կրնայ բեղմնաւորումը խանգարել: Կարգ մըն կիներ կրնան արգանդի անբնական վիճակներ ունենալ, ինչպէս ֆայպըրոյիտ կամ փոլիպս, որոնք կ’արգիլեն բեղմնաւորման ընթացքը կամ նոյնիսկ վիժումներ կը յառաջացնեն: Յատուկ X ճառագայթի քննութեամբ, որ կը կոչուի hysterosal-pingogram (HSG), կարելի է որոշել, թէ խողովակները բաց են եւ կամ արգանդի վիճակը բնական է, թէ ոչ: Ըստ այդ հիւանդագին վիճակին, դարմանումի ձեւերը կը տարբերին մէկ հիւանդէն միւսը:
Իսկ ամլութեան պատճառներէն 40%ը կրնայ ըլլալ այր մարդը: Այս մէկը կարելի է պարզ քննութեամբ մը իմանալ: Այս զննութեան ընթացքին կը քննուի այր մարդուն սերմին քանակը, չափը, շարժումները եւ ընթացքը: Եթէ որեւէ անբնական երեւոյթ յայտնուի այս քննութեան ընթացքին, կարելի է դիմել մասնագէտի խորհուրդներուն արագ դարմանումի միջոցներ որոնելու համար: Այր մարդոց դարմանումին համար antibiotic կը թելադրուի կամ նոյնիսկ վիրաբուժական գործողութիւն մը կը կատարուի, եթէ խողովակներու խցանում գոյութիւն ունի: Կարգ մը պարագաներու զոյգը պէտք է դիմէ յատուկ ընթացքի մը, ուր արական արտադրութիւնը կը մաքրուի եւ կը խտացուի, որպէսզի անոր որակը բարձրանայ ու աւելի բեղուն դառնայ, ապա կը տեղադրուի կնոջ արգանդին մէջ ձուարձակման միջոցին: Այս մէկը չյաջողելու պարագային անմիջականօրէն սերմը կը սրսկուի կնոջ ձուին մէջ, ուղղակի յղութիւն ապահովելու համար:
Վերոյիշեալ մասնագիտական քննութիւններէն 5-10%ը դուրս կու գայ շատ բնական արդիւնքներով, եւ զոյգը պէտք չունենար արտաքին միջամտութիւններու դիմելու յղութիւն ապահովելու համար: Բեղմնաւորման դեղերը բաւականին կը նպաստեն դարմանումի ենթարկուող զոյգին: Եթէ դեղորայքներու 3-6 դարմանումի ամբողջական ընթացքներներ չնպաստեն, այդ կը նշանակէ արտաքին միջամտութիւններու կարիք կայ դարմանուելու համար:
Անշուշտ, պէտք է յիշել նաեւ, թէ կանանց տարիքը մեծ նշանակութիւն ունի բեղմնաւորման պարագային: Այն կիները, որոնք 30ի մէջ են եւ կը փորձեն յղանալ, պէտք է արագ դարմանումի դիմեն, որովհետեւ կանանց մօտ բեղուն շրջանը իր վայրէջքը կը սկսի 35էն ետք մինչեւ 40ի սկիզբները: Ամլութիւնը կրնայ չափազանց գերլարուածութիւն տալ տուեալ զոյգին: Յղանալու համար հաւանաբար շատ պարզ միջոցներու եւ դարմանումի պէտք է դիմէ զոյգը, սակայն պէտք է ըլլալ հետեւողական: Ամէնէն խրախուսիչ պարագան այն է, որ ներկայի բժշկական նուաճումներն ու միջոցները գրեթէ բոլոր ամուլ ամուսնութիւնները կրնան պարգեւել զաւակով ու ծնողական զգացումներով կ’օժտեն բոլոր ամուսնացած զոյգերը, որոնք երբեմն նոյնիսկ իրենց յոյսը կտրած կրնային ըլլալ: