Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի ամսուան հերթական ճաշկերոյթը՝ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 28, 2006ին, «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ: Ճաշը հովանաւորեցին ատենապետ Սուրէն Գահվէճեան, տիկնոջը՝ Մարի Գահվէճեանի ապաքինման եւ վարչականուհի՝ Մարի Հէլվաճեան, ամուսնոյն յիշատակին:
Ճաշօրհնէքը կատարեց Հայ եղբայրութեան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Յովհաննէս Պարտաքճեան: Մինչ երգիչին գալը, Սուրէն Գահվէճեան (ջութակ) եւ Յովհաննէս Պարտաքճեան (մանտոլին) նուագով, ճոխացուցին պահը: Օրուան երգիչ Մայք Նաքաշեան ճոխ երգերով ոգեւորեց ներկաները: Դադարին, Հուան Սիմեան երգեց սպաներէն: Յայտագիրը շարունակուեցաւ միութեանս տիկնանց կողմէ պատրաստուած երգ ու պարով, գեղեցիկ տարազներով, «Ղափամա» երգով: Նշուեցաւ ամերիկեան Հալոուինը, որ դիմաւորուեցաւ բուռն ծափողջոյններով:
«Բարի տարեդարձ» երգը Հոկտեմբերի ծնունդներուն նուիրեց Սուրէն Գահվէճեան. նաեւ երգով հանդէս եկաւ պրն. Յակոբ Յակոբեան, իսկ ասմունքով մասնակցեցաւ Պետրոս Քէշիշեան: Կատարուեցաւ անվճար վիճակախաղ, բախտաւորելով ինը անդամ-անդամուհիներ: Ճաշկերոյթին ներկայ եղող 68 հոգիները, ուրախ եւ գոհ, չմոռցան յայտնելու իրենց սրտի խօսքը, ջերմ շնորհակալութիւնը միութեանս վարչութեան կազմին: