«Մարմինս Մեռնի Երթայ Ի Հող,
Գրչակ
Գիրս Մնայ Յիշատակող»
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022ի երեկոյեան ժամը 5ին, ԹՄՄ Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» խորագիրը կրող գիրքին շնորհահանդէսը եւ նոյն ատեն պիտի ոգեկոչուի այս շահեկան հատորի հեղինակին՝ կուսակցական բեղուն գործիչ, ողբացեալ Արա Ահարոնեանի բարի յիշատակը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է ՌԱԿի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան կողմէ, որ յանձն առած է այս գիրքի հրատարակութիւնը՝ նուիրուած մեր թանկագին վաղամեռիկ ընկերոջ յիշատակին:
Հատորը կը ներկայացնէ ՌԱԿի պատմութեան վերջին 90 տարիներուն (այս հատորը գրուած է 10 տարի առաջ) եւ անոր նախորդող եւ ծնունդ տուող կազմակերպութիւններու պատմութիւնը, պատգամաւորական ժողովները, քաղաքական անցուդարձերը (ազգային եւ համազգային) ՌԱԿի բազմաբեղուն գործունէութիւնները մեր ազգին եւ հայրենիքին համար:
Նմանապէս, այս հատորին մէջ կը գտնենք մեր ժողովուրդի վերջին մէկուկէս դարու պատմութիւնը:
Մեծածաւալ այս հատորի խմբագրութիւնը կատարած է կուսակցութեանս ծանօթ մտաւորականներէն «Նոր Օր»ի նախկին խմբագիր, վաստակաշատ կրթական մշակ դոկտ. Մինաս Գոճայեան, իսկ գիրքը լոյս տեսած է Սարգիս Թօփալեանի «Երեւան» հրատարակչատունէն:
Երեկոյի գլխաւոր բանախօսը եւ գիրքը ներկայացնողը պիտի ըլլայ դոկտ. Մինաս Գոճայեան: Պիտի գործադրուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը:
Շնորհահանդէսի բաժինէն ետք պիտի ոգեկոչուի մեր սիրելի ընկերոջ յիշատակը, ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն մասնակցութեամբ:
Ողբացեալ Արա Ահարոնեան երկար տարիներ եղած է ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ ատենապետ, գաղութիս եկեղեցական, մշակութային, պետական յանձնախումբերու եւ մարմիններու ժրաջան անդամ:
Շատ կարճ ելոյթներ պիտի ունենան Ամերիկեան քաղաքական գործիչներ, որոնք երկար տարիներ գործած են հանգուցեալին հետ:
Վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենայ ճոխ հիւրասիրութիւն մը եւ հատորի մակագրութիւն:
Ջերմօրէն հրաւիրուած է հայ ժողովուրդը, մանաւանդ Արա Ահարոնեանի հարազատները, ծանօթները եւ անշուշտ՝ գաղափարի ընկեր-ընկերուհիները, այսպիսով յարգանքի արդար տուրք տալու մեր սիրելի ընկերոջ, որուն ամբողջ կեանքը նուիրած էր մեր ժողովուրդի ծառայութեան:
Յարգանք իր անմեռ յիշատակին: