Շաբաթ, 18 Նոյեմբերի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ ներկայ եղան Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հանգանակային ձեռնարկին, որուն նպատակն էր մասնակցութիւն ապահովել եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ու շինարարական ծրագիրներուն։
Սեղանի օրհնութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Երէցեան։ Հոգաբարձութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց ատենապետ Նազարէթ Տիշոյեան։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը, որուն մասնակցութիւն բերին Արամ Աղապապեան, եկեղեցւոյ դպրաց դասը, Աննա Պետրոսեան եւ պարուսոյց Փըրլի Վարժապետեանի խումբը։
Օրուան պատգամը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած բոլոր նուիրեալներուն մասին, ինչպէս նաեւ դրուատեց բարերարներն ու բարեկամները, որոնք կը գործեն ու կը զոհաբերեն ի խնդիր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու բարեփոխման։ Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ աջակցին եկեղեցաշէն աշխատանքին։
Յայտնենք, որ ձեռնարկը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններէն գոյացաւ աւելի քան 100,000 տոլարի գումար մը։