Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին, Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ՝ ատենապետ Վիգէն Բագրատունի եւ Ճէք Հեճինեան հանդիպում մը ունեցան Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ռոն Քալտերոնի (Դ., Մոնթեպելլօ) հետ:
Յանձնախումբի ներկայացուցիչները Քալտերոնի փոխանցեցին իրենց գոհունակութիւնը նահանգային խորհրդարանէն ներս անոր հայանպաստ կեցուածքներուն համար ու միաժամանակ՝ իրենց զօրակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութեան գծով:
Քալտերոն ներկայիս թեկնածու է նահանգային ծերակոյտի աթոռի՝ 30րդ ընտրաշրջանէն ներս: Ան, իբրեւ նահանգային խորհրդարանի անդամ, բազմաթիւ անգամներ թիկունք կանգնած է ամերիկահայութեան համար նպաստաւոր բանաձեւերու: Ան նաեւ թեր քուէարկած է Ապրիլ 24ը Քալիֆորնիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր հռչակող բանաձեւին, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ Քալիֆորնիոյ առեւտուրի գրասենեակ հաստատելու բանաձեւին եւ օտար դրամատուներու մօտ Ցեղասպանութեան զոհերու յետնորդներու իրաւունքի հետապնդման առնչուող օրէնսդրութեան:
Քալտերոն տեսակցութեան ընթացքին յայտնեց, թէ ընտրուելու պարագային, նահանգային ծերակոյտէն ներս պիտի շարունակէ զօրակցիլ հայանպաստ բանաձեւերու: