ՀԵԼՍԻՆՔԻ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական միութեան նախագահութիւնը ստանձնած Ֆինլանտայի իշխանութիւնները Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2ին ցաւ յայտնեցին, թէ կարելի չէ եղած Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացնել շաբաթավերջին արտակարգ հանդիպում մը ունենալու համար, քննելու համար Կիպրոսի առջեւ Թուրքիոյ օդակայաններն ու նաւահանգիստները բանալու հարցը:
Նախաձեռնութեան նպատակն էր համաձայնութիւն մը գոյացնել Թուրքիոյ մասին Նոյեմբեր 8ին հրապարակուելիք տեղեկագրէն առաջ, որպէսզի Թուրքիոյ հասցէին ակնկալուող քննադատութիւնները կարելի ըլլար հաւասարակշռել:
Սեպտեմբեր 2005ին գոյացած համաձայնութեամբ մը, Թուրքիա խոստացած էր նաւահանգիստներն ու օդակայանները բանալ Կիպրոսի առջեւ, սակայն Թուրքիոյ խորհրդարանը ցարդ կը մերժէ վաւերացնել այդ համաձայնագիրը, դժուարացնելով Թուրքիան Եւրոպական միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու բանակցութիւնները:
Ֆինլանտա կ’առաջարկէր ծրագիր մը, ըստ որուն Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի շրջափակումը պիտի մեղմացուի, եթէ Թուրքիա, իր պարտաւորութեանց կողքին, Կիպրոսի իշխանութեանց վերադարձնէ բռնագրաւեալ Ֆամակուսթան (Վարոշա):