ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի փաստաբանները Կիրակի, Դեկրեմբեր 3ին պաշտօնապէս ներկայացուցին դիմում մը՝ վերատեսութեան ենթարկելու Տուժէյլի հարցին գծով անոր դէմ արձակուած մահավճիռը: Սատտամի դէմ մահափորձէ մը ետք ձերբակալուած, դատի տրուած եւ մահապատիժի ենթարկուած էին Տուժէյլ գիւղէն 148 շիիներ: Նոյեմբեր 5ին իրաքեան ատեանը այդ հարցին համար մահապատիժի վճիռ արձակած էր նախկին նախագահին ու անոր մեղսակիցներուն դէմ: Իրաքեան օրէնքին հիմամբ՝ մահավճիռները արձակուելէ 10 օր ետք անոնք ինքնաբերաբար կը փոխանցուին աւելի բարձրաստիճան ատեանի՝ ստուգման համար, բայց դատապարտեալի դատապաշտպանները պէտք է մինչեւ 30 օր երկրորդ ատեանին ներկայացնեն վճիռը մեղմացնելու հիմնաւորումները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.