ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի Գեղարուեստի ակադեմիայի պատկերասրահին մէջ Նոյեմբեր 2ին բացումը կատարուեցաւ քանատահայ լուսանկարիչ Գալուստ Պապեանի «Ժամադրավայրը Հայաստան» խորագիրով անհատական ցուցահանդէսին:
Երեք՝ «Փարաջանովի շարք», «Հայաստան» եւ «Սիրելի դէմքեր» բաժիններով ներկայացուած են եօթ տասնեակէ աւելի լուսանկարներ:
«Համազգային»ի երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Լիլիթ Գալստեանի խօսքերով, մինչեւ այժմ Գ. Պապեանի լուսանկարները ցուցադրուած են զանազան երկիրներու մէջ, եւ այս ցուցահանդէսին ցուցադրուած իր լուսանկարներու մեծ մասը նկարուած են Հայաստանի մէջ, 1980ականներուն, երբ Գ. Պապեան առաջին անգամ ըլլալով այցելեց հայրենիք: «Գ. Պապեան լուսանկարչի ոսպնեակը ժամանակի յորձանուտում կորզել է հրաշալի դիմանկարներ՝ արձանագրելով արուեստագէտների մի մեծ բոյլ՝ Ասատուր Պզտիկեանից մինչեւ Հրանդ Մաթեւոսեան, Շարլ Ազնաւուրից մինչեւ Աթոմ Էկոյեան», ըսաւ Լ. Գալստեան:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով, Գ. Պապեան յայտնեց, որ լուսանկարներու միջոցով կը ներկայացնէ այն մարդիկը, որոնք իրենց արուեստով եւ գործով արդէն յաւերժացած են:
Նշենք, որ Գ. Պապեան ծնած է Լիբանան, այնուհետեւ տեղափոխուած է Ֆրանսա, իսկ այժմ կ’ապրի Քանատա: