
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 19 Օգոստոսին կատարուեցաւ հայ-վրացական բարեկամութեան կամուրջի բացումը, որուն ընթացքին Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ «այս կամուրջը կը հզօրացնէ մեզ, մեր երկիրները, ողջ տարածաշրջանը»՝ աւելցնելով, թէ անիկա երկու երկիրներու գործակցութեան դրսեւորումն է եւ բարեկամական կապերու յաջողութեան մարմնաւորումը։
«Երկու պետութիւններու տարածքին մէջ գտնուող կառուցուած ժամանակակից չափորոշիչներով եւ չափանիշներով 160 մեթր երկարութեամբ քառաշերտ կամուրջը տարածաշրջանին մէջ հազուագիւտ նախագիծ է: Անոր գործարկումով երթեւեկի կարողականութիւնը պիտի կրկնապատկուի սահմանին վրայ, պիտի բարելաւուի ապահովութեան որակը, թէ՛ երկու երկիրներու քաղաքացիներուն, հիւրերուն եւ թէ տարանցիկ ինքնաշարժներուն համար, իսկ ասիկա իր հերթին պիտի նպաստէ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու առաւել հզօրացման», ընդգծեց Ղարիպաշվիլի:
Ան աւելցուց, որ կամուրջը ձեռք պիտի բերէ նաեւ ռազմավարական նշանակութիւն՝ իբրեւ արեւելք-արեւմուտք միջազգային ուղիի նշանակալի մաս:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ յամոզուած է, որ այսօր կան բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները «խորացնելու յարաբերութիւնները եղբայրական Վրաստանի հետ»:
«Անկասկած, ընդհանուր արժէքների եւ պատմական ժառանգութեան վրայ խարսխուած մեր երկու եղբայրական երկրների դարաւոր կապերն ունեն նման արդիական եւ ժամանակի պահանջներին համահունչ կարեւոր ենթակառուցուածքի կարիք, որն հենք է ստեղծում մեր հետագայ ծաւալուն համագործակցութեան համար: Առաւել քան համոզուած եմ, որ այսօր առկայ են բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր առաջնահերթիւններին համապատասխան զարգացնելու եւ խորացնելու յարաբերութիւնները եղբայրական Վրաստանի հետ», նշեց Փաշինեան։

Անդրադառնալով հայ-վրացական առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններուն` Փաշինեան ընդգծեց, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով՝ 97 տոկոսի առեւտրական շրջանառութեան աճ արձանագրուած է:
«Հայ-վրացական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններն ունեն առաւել մեծ ներուժ, եւ հէնց սա նկատի ունեմ, որ մեր աշխատանքով պէտք է այդ ներուժը կարողանանք օգտագործել: Ակնյայտ է, որ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնների զարգացման համար առանցքային նշանակութիւն ունեն հաղորդակցային ուղիները, որոնք հնարաւորութիւն են տալիս ինտէգրուել (համարկուելու) համաշխարհային տնտեսութեանը եւ կենսական կապ հաստատել եւ ապահովել ազգային, տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակով», նշեց Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Մեր երկկողմ համագործակցութեան տրանսպորտային ոլորտի առաջնահերթութիւնն ու տրանսպորտային միջազգային մի շարք կառոյցներում փոխգործակցութիւնը, մեզ հնարաւորութիւն են ընձեռում իրատեսական քայլեր ձեռնարկել ոչ միայն Պարսից ծոց-սեւ ծով միջազգային տրանսպորտային միջանցքի, այլ նաեւ տրանսպորտի ոլորտի հանգուցային կապ ապահովող այլ նախաձեռնութիւնների համար»:
Նշենք, որ Բագրատաշէն անցման կէտի կամուրջի վերակառուցման ծրագիրը կ՛իրականացուի Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան աջակցութեամբ: Հիւսիսային սահմանի արդիականացման ծրագիրի վարկային համաձայնագիրը ստորագրուած է 23 Նոյեմբեր 2012ին: 24 Դեկտեմբեր 2014ին, Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն միջեւ կնքուեցաւ միջկառավարական համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ կազմուած է միջկառավարական յանձնաժողով մը` ծրագիրը համատեղ իրականացնելու նպատակով: Շինարարութիւնը սկսաւ 2021ին:
Հայ-վրացական սահմանին` Բագրատաշէնի հատուածին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի առանձնազրոյցը, որուն ընթացքին անոնք կարեւոր նկատեցին կամուրջի գործարկումը եւ ընդգծեցին անոր դերը երկկողմանի փոխադրութեան հոսքերը առաւել դիւրին դարձնելու առումով: