ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 22-24 Նոյեմբեր 2006ին, Գահիրէի Ղպտի պատրիարքարանին մէջ, Եգիպտոս, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի ուղղափառ հոգեւոր պետերու հանդիպումը։ Վերջին պահուն Լիբանանէն ներս ստեղծուած կացութեան բերումով, Արամ Ա. կաթողիկոս ջնջեց իր այցելութիւնը Եգիպտոս։ Հետեւաբար, հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Շնուտա Գ. եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Զաքքա Ա. Իուաս պատրիարքներուն միջեւ։ Սակայն, ժողովական հայրերը մնայուն կերպով հեռաձայնային կապի մէջ եղան վեհափառին հետ, ունենալու համար իր տեսակէտները ժողովին առնչուած օրակարգի հարցերուն գծով։
Հոգեւոր պետերու ժողովէն առաջ, երկար հանդիպում մը ունեցաւ հոգեւոր պետերուն կողմէ նշանակուած յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան։ Յանձնախումբը լայնօրէն քննարկեց վերջին տարուան ընթացքին երեք եկեղեցիներուն գործակցութիւնը, միջ-եկեղեցական, հոգեւոր, դաստիարակչական, հրատարակչական եւ այլ մարզերէ ներս։ Յանձնախումբը ապա իր եզրակացութիւնները փոխանցեց հոգեւոր պետերուն, ստանալու համար անոնց համաձայնութիւնը։ Հոգեւոր պետերը նախ դատապարտեցին Ղպտի եկեղեցւոյ կեանքէն ներս անձի մը ինքզինք եպիսկոպոս հռչակելու հակականոնական ընթացքը եւ յառաջացուցած պառակտումը։ Անոնք մօտէն քննեցին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին առնչուած կարգ մը հիմնական հարցեր, նաեւ թելադրեցին զանազան գաղութներէն ներս երեք եկեղեցիներու առաջնորդներուն ու համայնքներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հրամայականը։