ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըր».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին, Պէյրութի «Ռիատ Սոլհ» եւ Նահատակաց հրապարակներուն վրայ կառավարութեան դէմ սկսած նստացոյցը չորրորդ օրը ըլլալով շարունակուեցաւ։ Անցնող շաբաթավերջին ժողովրդային ընդվզումի ու բողոքի հաւաքը շարունակուեցաւ նոյն մեծածաւալ տարողութեամբ, եւ կառավարութեան հրաժարականի պահանջը կազմեց առանցքը՝ ընդդիմութիւնը բաղկացնող բոլոր կողմերուն դրսեւորած քաղաքական կեցուածքներուն։ Կառավարական շրջանակները կը մնան անդրդուելի:
Արձանագրուած քանի մը բախումներու ընթացքին, շիի ցուցարար մը սպաննուեցաւ եւ 11 ուրիշներ վիրաւորուեցան, որու հետեւանքով ապահովական աւելի խիստ միջոցառումներ որդեգրուեցան Երկուշաբթի օր:
Այս պրկուած կացութեան մէջ լուսարձակները կեդրոնացան Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի Լիբանան այցելութեան եւ միջնորդական առաքելութեան վրայ:
Սակայն, Լիբանանի կառավարութեան ի նպաստ կարգ մը պետութիւններու դրսեւորած միակողմանի դիրքորոշումը ոչ մէկ ձեւով նպաստեց հարցերու լուծման։
Ընկերատնտեսական այլապէս առկայ, սակայն օրէ օր սաստկացող տագնապը իր կարգին մեծ մտահոգութեան դէմ յանդիման կը դնէ քաղաքացին, որ անհամբեր կը սպասէ բնականոն կեանքի վերադարձին։
Ի տես պարզուած այս կացութեան՝ բոլոր ժամանակներէ աւելի շեշտակի իմաստ եւ նշանակութիւն կը ստանայ ազգային միասնականութեան հարթակի վրայ եւ բոլոր ուժերուն վաւերական ներկայացուցչութեամբ ազգային դահլիճին կազմութիւնը, որ կը մնայ հիմնական երաշխիք՝ երկիրը դուրս բերելու այս անել իրավիճակէն։
Լիբանանցի ժողովուրդին ծովածաւալ բազմութեան կողքին անհրաժեշտ է նաեւ յիշել, որ վարչապետարանին շուրջ եւ երկու հրապարակները ողողած վրաններուն մէջ գիշերող երիտասարդներուն թիւը հետզհետէ աւելի բազմացաւ, եւ անոնք յաւելեալ վճռակամութեամբ փաստեցին, որ բաց նստացոյցը պիտի շարունակուի եւ հետզհետէ աւելի բազմամարդ պիտի դառնայ ու ընդարձակուի՝ մինչեւ վարչապետին եւ կառավարութեան հրաժարիլը։
Նշենք, որ Կիրակի յետմիջօրէին առաջին անգամ ըլլալով բռնարարքներ արձանագրուեցան Պէյրութի Քասքաս շրջանին մէջ, երբ կառավարութեան համակիրներ ճամբաները փակեցին այն քաղաքացիներուն դէմ, որոնք կ՚ուզէին կեդրոնական Պէյրութ ուղղուիլ եւ մասնակցիլ ընդդիմադիր ուժերուն յայտարարած բաց նստացոյցին։ Անոնք յարձակեցան ընդդիմադիր ուժերու համակիրներուն վրայ, խոշտանգեցին զանոնք եւ կոտրեցին անոնց փոխադրամիջոցներուն ապակիները։
Երկուշաբթի օր, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը մտահոգիչ համարեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը, իսկ իսրայէլացի նախարարներ յայտնեցին, թէ Իսրայէլ ձեռնածալ պէտք չէ մնայ, եթէ Լիբանանի մէջ կացութիւնը ի վնաս Թէլ Աւիւի դառնայ:
Իր կարգին, Իրան յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ հարկ է կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ ժողովուրդի կամքէն բխած ըլլայ եւ բոլոր յարանուանութիւնները ներկայացնէ։
Նաեւ, Ռուսիա կոչ ըրաւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն՝ երկխօսութեան դիմելով լուծումներ փնտռելու, պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը: