
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը դառն կսկիծով կը գոյժէ մահը վաստակաշատ ՀՄԸՄկան, «Արժանեաց» շքանշանակիր եւ ազգային բարերար Ժիրայր Սարգիսեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022ին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մէջ։
Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեան ծնած է 1940ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Նախնական ուսումը ստացած է Էշրէֆիէի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին, երկրորդականը՝ նոյն շրջանի Կեդրոնական վարժարանին, իսկ կազմաւորումը՝ Էշրէֆիէի ՀՅԴ «Ազատամարտ» ակումբին եւ ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ։
Եօթը տարեկանին ան միացած է ՀՄԸՄի շարքերուն՝ իբրեւ գայլիկ եւ այնուհետեւ, իր հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ ստանձնած է սկաուտական բարձրագոյն պաշտօններ, իսկ 1966ին հասած է ՀՄԸՄի Պէյրութի շրջանի ընդհանուր խմբապետի աստիճանին։ Եղբ. Ժիրայրը մասնակցած է Եգիպտոսի համաարաբական երկիրներու եւ Յունաստանի համաշխարհային սկաուտական բանակումներուն։
Ան մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է ոսկերչական ասպարէզին նկատմամբ եւ հիմնած է իր անձնական հաստատութիւնը ու ասպարէզին մէջ հասած է փայլուն յաջողութեան։ 1968ին ամուսնացած է ՀՄԸՄի Լիբանանի պասքեթպոլի օրուան աստղերէն քոյր Սրբուկ Օհաննէսեանի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով՝ Թամար, Սագօ եւ Զարեհ, որոնք իրենց ծնողներուն օրինակին հետեւելով, այսօր, իրենց բոլորանուէր մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՄԸՄի աշխատանքներուն։
Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, եղբ. Ժիրայրը 1980ական տարիներուն պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին եւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան զանազան յանձնախումբերու եւ կազմերու մէջ։ Ան մասնակցած է շրջանի բազմաթիւ Ներկայացուցչական ժողովներու եւ ՀՄԸՄի յաջորդական Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովներու՝ երկու քառամեակ 1995-1999 եւ 1999-2003 մաս կազմելով ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան։
1990ին, եղբ. Ժիրայրը նշանակուեցաւ համաՀՄԸՄական Դ. ընդհանուր բանակումի խմբապետ։ 1992ին, իր կողակիցին՝ Սրբուկին հետ ան ստանձնեց Արեւմտեան Մացեալ Նահանգներու Նաւասարդեան 17րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը, իսկ 2015ին հռչակուեցաւ տարուան «Տիպար ՀՄԸՄական»։
Ան իր յաջողութիւններուն միշտ մասնակից դարձուցած է իր շրջապատը: Եղբայրը երբեք չէ զլացած իր ծննդավայրին, մեր սիրելի հայրենիքին, Արցախին եւ Ջաւախքին: Նիւթական եւ բարոյական մեծ ջանք թափած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Բիւրականի բանակավայրի ապահովման: Ինչպէս նաեւ 2015ին ան ստանձնեց հովանաւորութիւնը ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի մարզադաշտին, որ կը կոչուի «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան» մարզադաշտ:
Հաւատաւոր ՀՄԸՄական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Ժիրայրը մաս կազմած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն եւ մինչեւ մահ մնացած նուիրեալ կուսակցական, ինքնութեան պահպանումը եւ հայրենիքի գաղափարը դասելով ամէն նկատառումէ վեր։ Եղբօր՝ Խաժակին հետ ան մասնակցած է Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութի կազմութեան եւ ներքին կեանքի կազմակերպման՝ տասնամեակներ շարունակ իր անսակարկ մասնակցութիւնը բերելով գաղութին ազգային, հասարակական, կրթական, մշակութային, եկեղեցական եւ մարմնակրթական կեանքին ծաղկումին։
Հանդարտ, ժպտուն, համեստ եւ համբերատար անձնաւորութիւն մըն էր եղբ. Ժիրայրը , որ հայրական գուրգուրոտ մօտեցումով եւ միութենական հարցեր լուծելու բացառիկ կարողութիւններուն շնորհիւ, դարձած էր մեր բոլորին «Սիրելի Եղբայր Ժիրայրը», որուն յիշատակը անկասկած վառ պիտի մնայ մեր սիրտերուն մէջ:
Խունկ ու աղօթք կը բարձրացնենք հանգուցեալ եղբօր հոգւոյն խաղաղութեան համար:
Մեր Խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոր այրիին՝ քոյր Սրբուկին, զաւակներուն, եւ ՀՄԸՄի իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ՀՄԸՄ-ի ԱրեՒմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւն