ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 31 Օգոստոսին, Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ` տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ չորս ժամ։
Հայաստանի վարչապետի մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ եռակողմ հանդիպումին քննարկուեցան գերինեը ազատ արձակելուն եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրը յստակացնելուն, սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան, տարածաշրջանային ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կարգաւորելուն եւ Արցախի հիմնահարցին վերաբերող հարցեր:
Համաձայնութիւն գոյացաւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շարունակելու առարկայական բանակցութիւնները խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի մշակման շուրջ։
Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մէկ յաջորդ ամսուան ընթացքին։
Ղեկավարներու ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է Նոյեմբերին։
Հանդիպումէն ետք, Միշէլ յայտարարեց, որ կողմերը համաձայնեցան առարկայական աշխատանքի սկսիլ` յառաջխաղացքը ապահովելու խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ, որ պիտի կարգաւորէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջպետական յարաբերութիւնները:
Արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարուեցաւ մէկ ամսուան ընթացքին հանդիպում ունենալ եւ աշխատիլ նախագիծի բնագիրի պատրաստութեան ուղղութեամբ։
Միշէլ նշեց յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին «մանրամասն քննարկում ունեցանք մարդասիրական հարցերու, որոնց կարգին ականազերծման, ձերբակալուածներու եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրին շուրջ»:
Միշէլ ատրպէյճանական կողմին շեշտեց հայ գերիներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը:
Նաեւ քննարկուեցան սահմանագծման վերաբերող հարցերը, եւ թէ ինչպէ՛ս կարելի է լաւագոյնս կայուն իրավիճակ ապահովել:
Սահմանային յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսէլի մէջ, Նոյեմբերին:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահին յայտարարութեան մէջ որեւէ անդրադարձ չկայ Արցախի հիմնահարցին, թէեւ, ինչպէս հաղորդած էր Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը, այդ մասին քննարկում եղած է:
Յայտնենք, որ այս հանդիպումը 44օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն արդէն հինգերորդ դէմ առ դէմ հանդիպումն է. անոնցմէ չորսը տեղի ունեցան Միշէլի նախաձեռնութեամբ: Մինչ այդ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները հիմնականին մէջ կ՛ընթանային Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, իսկ 44օրեայ պատերազմէն առաջ` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի հովանիին տակ։
Any agreement is illegal if it is not ACCEPTED BY PEOPLE , voted in
parliament, BASED ONLY 1918 FREE ARMENIA REPUBLIC DECLARATION
OF INDEPENDENCE CONSTITUTION LAWS. OCCUPATION IMPOSITION
laws IS ILLEGAL: WE ARE CONTINUATION OF 1st Republic , not 2nd,
which was FORCED, NOT VOTED BY PEOPLE, WHICH IS THE OWNER OF
ARMENIA AND ITS FATE. Signing SECRET AGREEMENTS IS NATIONAL
CRIME, ILLEGAL, PUNISHABLE BY HANGING IN ANY COUNTRY.