
Հայկազեան hամալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը Երկուշաբթի, 12 եւ Երեքշաբթի 13 Դեկտեմբեր 2022ին պիտի կայացնէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած իր եօթներորդ եւ վերջին գիտաժողովը՝ «Արաբական Ծոցի Երկիրներու Հայերը» (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եմէն, Պահրէյն, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Քուէյթ, Օման):
Գիտաժողովը տեղի պիտի ունեննայ անձամբ ներկայութեամբ եւ/կամ հեռահաղրդակցութեամբ:
Արդ, կը հրաւիրենք Սփիւռքի եւ հայրենի բանասէրները, օտար հայագէտները՝ որոնք հետաքրքրուած են կամ առնչութիւն ունին վերոյիշեալ հայօճախներու կենսագործունէութեան ուսումնասիրութեան, դիմելու կեդրոնիս՝ հիմնուելով ստորեւ նշուած տուեալներուն վրայ.
Ա. Մասնակցողները կրնան ուսումնասիրութիւն ներկայացնել հետեւեալ նիւթերէն որեւէ մէկուն շուրջ.
1) Պատմութիւն. հայերը վերոյիշեալ երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ՝ 1940ականներէն մինչեւ մեր օրերը:
2) Բնակավայրեր. հայկական բնակավայրերը, ժողովրդագրութիւնը, արհեստները, հայութեան բնութագրումը տուեալ երկիրներուն մէջ, ներքին կազմակերպումը, կապը եւ առնչութիւնները Սփիւռքի մօտիկ թէ հեռաւոր հայօճախներուն եւ այլն:
3) Հայ եկեղեցին (առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական). թեմական կեանք, Հայ եկեղեցին եւ իր դերը միջկրօնական երկխօսութիւններու, թէ մարդասիրական աջակցութեան ծիրին մէջ:
4) Ազգային կեանք. հայ կազմակերպութիւնները եւ միութիւնները (ընկերային, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, մարզական եւ այլն.), անոնց կենսագործունէութիւնը, հոլովոյթը, միջմիութենական եւ միջշրջանային յարաբերութիւններ:
5) Մշակոյթ. հայ դպրոցները, հայերէնագիտութիւնը, ձայնասփիւռի կայանները, պատկերասփիւռի հաղորդումները, երգչախումբերը, թատրոնը, գեղանկարչութիւնը, հայօճախին մշակութային առանձնայատկութիւնները:
6) Համարկում. հայութեան նպաստը վերոյիշեալ երկիրներու մշակոյթին, տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին, առեւտուրին, արհեստներուն եւ շուկային, հաղորդամիջոցներուն եւ ընկերային ու մարդասիրական բնագաւառներուն:
7) Հայերը տեղաբնիկներուն պատկերացումին մէջ. հայերուն պատկերը տեղաբնիկներու մշակոյթին թէ հանրային հաղորդակցութեան միջոցներուն մէջ:
8) Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէ/Սփիւռքի նախարարութիւն/Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակ-հայօճախներ փոխյարաբերութիւն:
9) Միջպետական յարաբերութիւններ. Հայաստանի Հանրապետութիւն-արաբական ծոցի երկիրներ պետական յարաբերութիւնները, անոնց ընթացքը, զարգացումը, գործակցութիւնը:
10) Հայաստանցի քաղաքացիները արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ. անոնց կենսագործունէութիւնը, դիմապատկերը, ընդհանուր արժեւորումը:
11) Ինքնութեան հարցեր. նոր սերունդներու հայերէնախօսութիւնը, մշակութային պաշարը, ինքնութենական հարցերը:
Բ. Մասնակցութեան տուեալներ.
1) Դիմորդները պարտին մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2022 կեդրոնին յղել իրենց ուսումնասիրութեան նիւթին վերնագիրը եւ նախատեսած բովանդակութիւնը:
2) Դիմումները եւ նիւթերը քննարկուելէ եւ ընտրուելէ ետք պատասխանը կը տրուի մինչեւ 7 Հոկտեմբեր 2022:
3) Մասնակցողներ պարտին 20 վայրկեան տեւողութեամբ զեկոյցներ ներկայացնել իրենց ուսումնասիրութեան մասին՝ արաբերէն, հայերէն կամ անգլերէն:
4) Մասնակցողները յանձնառու են իրենց ուսումնասիրութիւնները հրատարակութեան տրամադրելու՝ գիտաժողովի զեկուցագիրքին: Հետեւաբար, անոնք պարտին վերջնական ձեւի բերած ըլլալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ յանձնել զանոնք կեդրոնին մինչեւ 28 Փետրուար 2023:
Գ. Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը մասնակցողներուն պիտի տրամադրէ եռօրեայ կեցութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին՝ հեռ. 00961 1 349230 ext. 205, կամ 00961 3 712058, կամ գրել՝ adakessian@haigazian.edu.lb հասցէին:
Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն