ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորները Հայաստանի գլխաւոր դատախազ, արդարադատութեան երկրորդ դասի պետական խորհրդական Ա. Դաւթեանին եւ Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահ, արդարադատութեան երրորդ դասի պետական խորհրդական Ա. Քեարամեանին ներկայացուցին միջնորդութիւն մը՝ վերանայելու Միքայէլ Արզումանեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կիրարկուած բանտարկութիւնը եւ զայն փոխարինելու անազատութեան մէջ պահելու հետ չկապուած խափանման միջոցով:
Նկատի ունենալով Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանի մեծ վաստակը՝ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան մէջ, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորները հանդէս կու գան նման միջնորդութեամբ: Միջնորդութիւնը ստորագրած պատգամաւորները կը յայտնեն իրենց պատրաստակամութիւնը՝ հանդէս գալու իբրեւ մինչդատական վարոյթին մէջ Արզումանեանի պատշաճ վարքագիծի վարոյթ իրականացնող մարմինի կանչով ներկայանալու, նաեւ երաշխաւորելու քննութիւնը խոչընդոտելէ զերծ մնալը:
Յիշեցնենք, որ Միքայէլ Արզումանեան կը մեղադրուի Շուշիի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութեան կազմակերպման ընթացքին զինուորական պաշտօնին մէջ անփութութեան, պատերազմի առաջին օրերուն «Արեգա» բարձունքը եւ յարակից մարտական դիրքերը ազատագրած անձնակազմին «նահանջ» հրամանը տալու, ինչպէս նաեւ իշխանութիւնը չարաշահելու յանցանքով: Ան ձերբակալուեցաւ 1 Սեպտեմբերին: