ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու յատուկ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ 8-10 Սեպտեմբերին Հայաստան կ՛այցելէ, 8 Սեպտեմբերին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: Լուրը հաղորդեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը՝ նշելով, որ համանախագահին կ՛ընկերակցէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Ամերիկեան երկիրներու վարչութեան պետ Արմէն Եգանեան եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի:
Հիւրերը դիմաւորեց եւ յուշահամալիրի հաստատման պատմութիւնը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան, որ անդրադարձաւ նաեւ պատմութեան Ծիծեռնակաբերդի տարածքին տեղադրուած երեք խաչքարերու, որոնք նուիրուած են անցեալ դարավերջին Ատրպէյճանի տարածքին հայ բնակչութեան նկատմամբ կատարուած ցեղային զտումներուն ընթացքին զոհուած հայերու յիշատակին:

Ռիքըր ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ դրին անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:
Մարութեան հիւրերուն նուիրեց 1890-1922 թուականներուն ամերիկեան մամուլին մէջ հրատարակուած հայկական կոտորածներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յօդուածներու հատորի՝ «The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press – The New York Times»ի օրինակներ: