ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ ԼԱՉԻՆԻ ԵՒ ՔԱՐՎԱՃԱՌԻ ՄԷՋ
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 13 Սեպտեմբերին՝ կէս գիշերուան ժամը 00:05էն սկսեալ, Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներով, մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով սկսան բուռն կերպով կրակել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը:
Ան նշեց, որ հակառակորդը կը կիրարկէ նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր։
Մինչ այդ հայ-ատրպէյճանի սահմանի կարգ մը համայնքներու, որոնց կարգին Սիւնիքի, Վայոց Ձորի ու Գեղարքունիքի մարզի բնակիչները ահազանգած էին կրակոցներու ու ռմբակոծութեան մասին:
Վերին Շորժայի գիւղապետը «Ազատութեան» յայտնեց, որ ատրպէյճանական բանակը բուռն կերպով կը կրակէ Վարդենիսի կողմը, նաեւ հաղորդուեցաւ զինադադարի խախտման եւ շրջանին մէջ լսուող պայթումներու մասին։ Կրակոցներ լսուեցան նաեւ Ջերմուկի մէջ։
«Ադրբեջանական զինուժը յարձակում է սկսել Կապանի ուղղութեամբ, այդ թւում օգտագործելով անօդաչու թռչող սարքեր», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան:
Գորիսի մէջ եւս հաղորդեցին անօդաչու թռչող սարքերու մասին. բնակիչներէն շատեր արդէն ապաստանարան փոխադրուեցան։
Տեղական լրատուամիջոցները, իրենց աղբիւրները վկայակոչելով՝ յայտնեցին Բերձորի եւ Քարվաճառի շրջանին մէջ լայնածաւալ բախումներու մասին:
Աւելի ուշ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց «Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի Դաշքեսանի, Քելբաջարի եւ Լաչինի ուղղութիւններով լայնածաւալ սադրանքի» մասին:
Ըստ այդ հաղորդագրութեան` Հայաստանի զինուած ուժերու ներթափանցող հետախուզական խումբերը մութին մէջ, օգտագործելով լեռնային տեղանքը եւ կիրճերը, տարբեր ուղղութիւններով ականապատած են ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումներու դիրքերուն եւ մատակարարման ուղիներուն միջեւ գտնուող տարածքները:
«Այս գործողութիւնները կանխելու նպատակով մեր ստորաբաժանումներու ձեռնարկած անյետաձգելի միջոցառումներուն իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցաւ ռազմական բախում», յայտարարեց պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ հայկական կողմէ կան կորուստներ անձնակազմին մէջ, նաեւ վնասուած են ռազմական ենթակառուցուածքներ:
Պաշտօնական Պաքու կը պնդէ, որ «նման քայլերով Հայաստան նպատակ ունի դանդաղեցնել ազատագրուած սահմանամերձ շրջաններուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող քաղաքացիական ենթակառուցուածքային մեծ ծրագիրներու իրականացումը եւ լարուածութեան մթնոլորտ պահպանել Ատրպէյճանի սահմաններուն մօտ»: