ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Փոլիթիքօ»ն Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբերին հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի այս շաբաթավերջին Հայաստան պիտի այցելէ՝ զօրակցութիւն յայտնելու համար Երեւանին, որուն արեւելեան սահմանային շրջանները ատրպէյճանական յարձակումներու ենթարկուեցան այս շաբթուան ընթացքին։
Փելոսիին պիտի ընկերանայ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ճեքի Սփիր, որ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներուն հետ Քոնկրեսին ներկայացուց Ատրպէյճանի յարձակումները դատապարտող եւ Պաքուին տրամադրուող ամերիկեան աջակցութիւնները կասեցնել պահանջող բանաձեւը։
Կ՛ակնկալուի, որ Փելոսի եւ Սփիր հանդիպում ունենան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։
Սփիր եւ Հայկական համախմբումի միւս համաատենապետները մէկ օր առաջ խստօրէն դատապարտած էին ատրպէյճանական յարձակումները եւ միջազգային համայնքին ցուցաբերած անտարբերութիւնը։
Այցելութեան մասին «Փոլիթիքօ»ի հարցումին պատասխանելով՝ Փելոսիի բանբերը յայտնեց, թէ ապահովական նկատառումներով՝ չի կրնար հաստատել կամ հերքել զայն։