ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշման հիման վրայ, դիտարկման առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով, 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան Հայաստան հասաւ ՀԱՊԿի Միացեալ շտաբի ղեկավար խումբը, զոր կը գլխաւորէ ՀԱՊԿի Միացեալ շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորով: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան:
«Ներկայացրել եմ Սեպտեմբերի 13ին Ադրբեջանի իրականացրած լայնածաւալ ագրեսիայի (յարձակումին) հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ առաջադրել առաջիկայ մոնիտորինգի (հսկողութեան) հետ կապուած խնդիրները: Յոյս եմ յայտնել, որ խումբն արդիւնաւէտ աշխատանք կ՛իրականացնի եւ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհրդին կը ներկայացնի մանրամասն եւ ճշգրիտ հաշուետուութիւն ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն խումբը համապատասխան աշխատանք պիտի կատարէ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբին մէջ եւ մարտական գործողութիւններու ընթացքին գծով: