
Ռումանիոյ Մամայա քաղաքին մէջ 16 Սեպտեմբերին աւարտած աշխարհի պատանեկան եւ երիտասարդական ախոյեանութեան (14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգեր), Հայաստանի ախոյեան Մարիամ Մկրտչեան, որ կը մասնակցի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, յաջորդական 11 յաղթանակներ արձանագրելով՝ դարձաւ ախոյեան։
Ան 9րդ հանգրուանին պարտութեան մատնած էր իր գլխաւոր մրցակիցը` հնդիկ Ս. Քանիշքան, ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ ապահովելով տիտղոսը։ Մկրտչեան 8րդ հանգրուանին պարտութեան մատնած էր նաեւ ատրպէյճանցի իր մրցակիցը` Այան Ալլահվերտիեւան: