13 Սեպտեմբերի առաւօտեան առաջին ժամերուն շղթայազերծուած ատրպէյճանական յարձակումները, որոնք թիրախ կը դարձնէին Հայաստանի Ջերմուկ, Գորիս, Սոթք, Վարդենիս, Արտանիշ, Իշխանասար եւ Կապան սահմանային շրջանները, եւ այդ յարձակումները դիմակալող Հայաստանի պաշտպանական ուժերու տուած զոհերու նկատառելի թիւը կրկին անգամ ահազանգի մատնած են միջազգային շրջանակները, Հայաստանի պետականութեան, սահմանային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդի ապահովութեան հարցերը ուշադրութեան առարկայ դարձնելով:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը՝ աշխարհի հայկական մեծագոյն ոչ-շահամէտ կազմակերպութիւնը, խորապէս կ՛ըմբռնէ 2020ի Ատրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած պատերազմական այս գործողութիւններուն եւ միջազգային սկզբունքներու խախտումներուն դրդապատճառները: Նաեւ կը գիտակցի այն լրջագոյն հետեւանքներուն եւ մարդկային զոհերու ահագնութեան, որ հայկական ինքնիշխան տարածքներուն վրայ կատարուող յարձակումները կրնան պատճառել: Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք միջազգային համայնքին, Սփիւռքի հայութեան եւ բոլոր մարդկային իրաւանց պաշտպան շրջանակներուն՝ ճակատ կազմելու ատրպէյճանական նկրտումներուն դէմ, որոնք Հայաստանի սահմանային շրջաններու խոցելի համայնքները թիրախ կը դարձնեն:
Առաջնային քայլը պէտք է ըլլայ անմիջապէս մէկ կողմ դնել ներքաղաքական տարակարծութիւնները եւ համախմբուիլ՝ միաւորելով մեր ուժերը եւ միջոցները ուժեղ ճակատի մը շուրջ, դիմագրաւելու համար մեր հայրենիքին սպառնացող այս գոյութենական սպառնալիքը: ՀԲԸՄը յանձնառու է իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնելու, ի խնդիր մեր պետութեան եւ ազգի հզօրացումին:
Միաժամանակ, մենք մեր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնենք ատրպէյճանական այս անհիմն նախայարձակումին պատճառով զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն:
13 Սեպտեմբեր