ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ յատկապէս անհանգստացած է Հայաստանի մէջ խաղաղ բնակչութեան մէջ տուժած անձերուն վերաբերող հաղորդումներով: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս՝ օրական ճեպազրոյցին ընթացքին, պատասխանելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ Հայաստանի պատկերասձիւռի Հանրային կայանի հարցումին:
«Նախարար Պլինքըն, դեսպան Ռիքըր, փոխնախարար Տանֆրիտ, այլ պաշտօնատարներ ունեցած են շարք մը զրոյցներ, որոնց կարգին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այլ շահագրգիռ կողմերու եւ գործընկերներու հետ: Չենք կրնար մանրամասնութիւններ տալ այդ բոլոր ներգրաւուածութիւններուն մասին, բայց, ինչպէս օր մը առաջ ըսի, մենք կը շարունակենք խորապէս ներգրաւուած մնալ դիւանագիտութեան մէջ. մենք պատրաստ ենք մեր կարելին ընելու՝ երկկողմ եւ բազմակողմ հիմքերով, որպէսզի հասնինք այն արդիւնքին, որ այս ռազմական գործողութիւնները դադրին եւ լարուածութիւնը մեղմանայ»: