
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ
Ռուս Միապետական Շարժումը
Քանի մը օրէ ի վեր ռուս միապետականները արտասահմանի մէջ արտակարգ ջանքեր կը թափեն հաւաքելու համար իրենց բոլոր ուժերը, «Ռուսիան ազատելու համար»։
Իշխան Քիրիլ Վլատիմիրովիչ (Ալեքսանտր Բ.ի թոռնիկը-Խմբ.) ինքզինք յայտարարած է «ռուսական գահին պահապան»ը եւ յայտնելէ ետք, թէ Նիքոլա ցարը ողջ է եւ պահուած, բանակին եւ բոլոր միապետականներուն ուղղած է երկար կոչ մը, իր շուրջը համախմբուելու եւ կռուի սկսելու համար։
Իշխան Քիրիլ մասնաւոր կոչ մըն ալ ուղղած է զօր. Վրանկէլին, որ պատասխանած է, թէ իշխանը շատ աճապարած է եւ առանց ազգին գործակցութեան կարելի չէ արտասահմանի մէջ այսպիսի քայլ մը առնել, եւ հետեւաբար մերժած է որեւէ գործակցութիւն։
Իշխան Քիրիլ դիւանագիտական պաշտօն մը յանձնած է իշխան Կալիցին Մարավլինին, որ պետական խորհուրդի անդամ էր։ Քիրիլի կարծիքով, ռուս Ծերակոյտի անդամները, որոնց 70ը արտասահման կը գտուին, կրնան ներկայացնել Ռուսիոյ ձայնը եւ իրենց իրաւունքները փոխանցել Սահմանադիր ժողովին, երբ որ հնարաւորութիւն ունենայ ստեղծուելու։
Սեպտեմբեր 22, 1922, թիւ 890