
Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Ատրպէյճանի նորագոյն յարձակումը յստակ դարձուց այն իրողութիւնը, որ մեր հայրենիքի անկախութիւնը ոչ միայն փխրուն է, այլ վտանգուած կը մնայ։ Մեր թշնամիները ամէն ինչ կ՛ընեն՝ մեզմէ խլելու համար մեր ինքնիշխանութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքները, որոնց տիրացած էինք 31 տարիներ առաջ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումով։
Ոչ ոք կրնայ մոռնալ իւրաքանչիւր հայու ապրած հպարտութիւնը եւ ուրախութիւնը, երբ 31 տարիներ առաջ այսօր, 21 Սեպտեմբեր 1991ին, Հայաստան ձերբազատուեցաւ խորհրդային լուծէն եւ դարձաւ անկախ պետութիւն։ Ամէն տարի, այդ թուականը դարձած է անկախ պետականութեան մեր յանձնառութիւնը վերահաստատելու եւ ակնկալուածէն աւելի երկար տեւած եւ բարգաւաճող անկախութեան ծալքերը քննարկելու առիթ։
Սակայն, 44օրեայ պատերազմէն ի վեր անկախութեան տարեդարձը սկսած է դառնահամ դառնալ եւ անցեալ շաբթուան յարձակումը եկաւ հաստատելու այն, որ անկախութեան տօնակատարութիւնը ենթակայ է Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը վտանգի տակ դնող իրականութիւններուն, որոնք անկախութիւնը պահպանելու համար ամէնօրեայ պայքար մղելու պարտադրանքին տակ կը դնեն մեր ազգը։
Հայաստանի անկախութենէն 29 տարիներ ետք, մեր թշնամիները՝ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, լայնածաւալ յարձակումի դիմեցին Արցախի վրայ, սպաննելով հազարաւոր զինուորներ եւ քաղաքայիններ ու բռնագրաւելով Արցախէն տարածքներ։
Յարձակումներ մինչեւ այսօր կը շարունակուին, նպատակ ունենալով Հայաստանէն եւ Արցախէն յաւելեալ զիջումներ։ Անցեալ ամիս ականատես դարձանք Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի պարտադրուած յանձնումին, որմէ անմիջապէս առաջ դարձեալ ռազմական յարձակում մը տեղի ունեցած էր, խլելով երկու հայ զինուորներու կեանքերը։ Անցեալ շաբթուան յարձակումը աւելի լայնածաւալ էր՝ Հայաստանի Գեղարգունիքի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի վրայ, առնուազն 207 զոհեր խլելով եւ տեղահանելով մօտաւորապէս 7500 անձեր։
Հայաստանի վրայ յարձակում սկսած էր Մայիս 2021ին, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները «շրջանին մէջ խաղաղութիւն» հաստատելու բնաբանով որդեգրեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ բանակցելու վտանգաւոր քաղաքականութիւնը։
Անցեալ շաբթուան, ամսուան եւ երկու տարիներու դէպքերը ամրապնդեցին այն համոզումը, որ վերջին 31 տարիներու Հայաստանի կառավարութիւնները բաւարար լրջութեամբ չեն մօտեցած անկախութեան սուրբ գաղափարին եւ առած են այնպիսի քայլեր, որոնք շարունակաբար տկարացուցած են անկախութեան հիմքերը։
Այսօր, երբ կը նշենք անկախութեան տարեդարձը, գոյութենական հրամայականներու վերածուած են այդ անկախութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու ջանքերը, որոնց համար կենսական են ազգային միասնականութիւն եւ համախմբուածութիւն։
Անցեալ շաբթուան դէպքերը ցոյց տուին, որ մեր «ռազմավարական դաշնակից»ը նուազագոյն ջանքն իսկ չի կատարեր մեր երկիրը պաշտպանելու համար, իսկ անոնք, որոնք յանկարծ մէջտեղ եկած են իբրեւ մեր իրաւանց ջատագովները, առաջ կը մղուին շրջանին մէջ իրենց շահերով։
Ուրեմն, իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է գիտակցելու, որ անկախութիւնը այլընտրանք չունի եւ 31 տարի ետք, որքան ալ փխրուն ըլլայ այդ անկախութիւնը, մեր պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է անոր երկարատեւութեան եւ կենսունակութեան ապահովումը։
Այսօր, Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին, եկէք վերահաստատենք Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճումը ապահուելու ջանքերուն մեր նուիրումը, որովհետեւ դժուարութեամբ խլուած անկախութիւնը չի կրնար եւ պէտք չէ զիջումի ենթակայ ըլլայ, այլ պէտք է պահպանուի ամէն գնով։