ՖՐԱՆՍԱ ՊԱՀԱՆՋԵՑ, ՈՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՈՒԺԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ԵԼՄԱՆ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ
Էլիզէի պալատին մէջ, 26 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը, որմէ առաջ անոնք լրատուամիջոցներուն համար կատարեցին յայտարարութիւններ:
«Արմէնփրէս» կը փոխանցէ, թէ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն հաղորդեցին, որ Ֆրանսայի նախագահը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ վերջին շրջանին բազմաթիւ հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Փաշինեանի հետ, որովհետեւ Հայաստան դարձեալ կը սգայ 13-14 Սեպտեմբերի զինուած բախումներուն պատճառով, եւ իրավիճակը իրօք ճգնաժամային է:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ՝ տալով բազմաթիւ զոհեր: Թիրախ դարձած է Հայաստանի տարածքը, աւերուած են քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ: Այս անընդունելի պայմաններուն մէջ, Ֆրանսա ստանձնեց իր պարտականութիւնները», ըսաւ Մաքրոն՝ նշելով, որ Ֆրանսա ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրեց, եւ կատարուեցաւ իրավիճակի քննարկում, խորհուրդի անդամները պահանջեցին շուտափոյթ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ յարգել զինադադարը: «Նկատի ունենալով, որ կան գրաւուած դիրքեր՝ Ֆրանսա պահանջեց, որ ատրպէյճանական ուժերը վերադառնան ելման դիրքերուն: Ես 14 Սեպտեմբերին ըսի նախագահ Ալիեւին, որ սահմանի՝ սահմանագծուած չըլլալու փաստը չի կրնար արդարացնել որեւէ յառաջխաղացք միւս երկրի տարածքին մէջ», դիտել տուաւ ան:
Մաքրոն շեշտեց, որ Ֆրանսա համոզուած է, թէ ուժի գործադրութիւնը չի կրնար լուծում ըլլալ Հայաստանի կամ Ատրպէյճանի համար, առ այդ, անյապաղ պէտք է վերսկսիլ երկխօսութեան: Չլուծուած բոլոր հարցերը, որոնք բազմաթիւ են, պէտք է բացառապէս լուծուին բանակցութիւններու ուղիով: Բանակցութիւնները կը կատարուին զանազան ձեւաչափերով, մասնաւորապէս, Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ, եւ պէտք է անոնք վերսկսին:
Մաքրոն յիշեց 27 Սեպտեմբեր 2020ին սկսած սարսափելի պատերազմը, որ մահաբեր դարձաւ տարածաշրջանին համար. անիկա ստեղծեց փաստացի նոր իրավիճակ՝ տարածաշրջանին մէջ ռուսական բանակի ընդլայնուած ներկայութեամբ: Ան խստօրէն դատապարտեց վերջին օրերուն տեղի ունեցածը եւ խաղաղութեան ու բանակցութիւններուն վերսկսելու կոչ ուղղեց:
Ան դիտել տուաւ, որ նախագահ Ալիեւը, որուն հետ եւս պիտի զրուցէ, կը նշէ, որ նոյնպէս կ՛ուզէ վերջ դնել տարածաշրջանի անկայունութեան եւ գտնել լուծումներ: «Սակայն անհնար է կառուցել խաղաղութիւն՝ ուժի գործադրութեան սպառնալիքին տակ: Այդ իսկ պատճառով, Ֆրանսա ամէն ինչ պիտի ընէ եւ հետամուտ պիտի ըլլայ իր նպատակին՝ ՝ կայուն, ապահով եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկաս մը», շեշտեց Մաքրոն:
Իր խօսքի աւարտին Մաքրոն անգամ մը եւս ընդգծեց Ֆրանսայի յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի եւ ամբողջ տարածաշրջանին համար խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու առումով: Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի որ Հայաստան պիտի ունենայ հանգիստ եւ խաղաղ սահմաններ:
Փաշինեան խօսեցաւ ՄԱԿի մէջ իր ելոյթին մասին եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի դիրքորոշումը միանշանակ է՝ ատրպէյճանական զինուած ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, այս առումով ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, անձամբ նախագահ Մաքրոնին՝ այս դիրքորոշումը արձանագրելու համար:
«Ուզում եմ միջազգային մեր գործընկերների եւ մեծարգոյ նախագահ նաեւ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել հետեւեալ փաստի վրայ. այն շահարկումները, թէ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ ճշգրիտ սահման չկայ, քանի որ սահմանը դէմարկացուած (սահմանագծուած) եւ դէլիմիտացուած (սահմանազատուած) չէ, իրականութեան հետ կապ չունեն: Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ադրբեջանի միջեւ գոյութիւն ունեցած ադմինիստրատիւ (վարչական) սահմանները երկու երկրների անկախութեան առաջին ամիսներին դարձել են պետական սահմաններ, քանի որ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Ադրբեջանը ստորագրել եւ վաւերացրել են Անկախ պետութիւնների համագործակցութիւն ստեղծելու մասին 1991 թուականի Դեկտեմբերի 8ի համաձայնագիրը: Ընդ որում, երկու երկրներն էլ մինչեւ այս պահը հանդիսանում են ԱՊՀ անդամ: Ուզում եմ ընդգծել, որ այդ համաձայնագրի անբաժանելի մաս է, որ ադմինիստրատիւ սահմանները, գոյութիւն ունեցող սահմաններն ըստ էութեան դառնում են պետական սահման եւ համաձայնագրին միացած երկրները ճանաչում են այդ սահմանները: Սա նշանակում է, որ Ադրբեջանի գործողութիւններն այլ կերպ, քան գիտակցուած ագրեսիա (յարձակում), չի կարելի գնահատել: Ադրբեջանական օկուպացիայի (գռաւման) հետեւանքով մեր տարածաշրջանում իրավիճակը շարունակում է մնալ լարուած: Կարծում եմ՝ միջազգային դիտորդական առաքելութեան գործուղումն ադրբեջանական օկուպացիայի հետեւանքով տուժած շրջաններ եւ սահմանային գօտի կ՛օգնի, որ միջազգային հանրութիւնն ուղիղ եւ ոչ թէ միջնորդաւորուած տեղեկութիւններ ստանայ: Համոզուած եմ, ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդը նոյնպէս հարցը պէտք է շարունակի պահել ուշադրութեան կենտրոնում, եւ այս հարցով ակնկալում եմ նախագահող երկրի աջակցութիւնը», ըսաւ Փաշինեան:
Խօսելով երկարաժամկէտ լուծումներու մասին՝ ան դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է 8 Դեկտեմբեր 1991ի համաձայնագիրով վերահաստատուած սահմաններու փոխադարձ ճանաչումով երթալ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան: «Հայաստանը պատրաստ է տարածաշրջանի կոմունիկացիաների (հաղորդակցութեան միջոցներու) բացմանը եւ նոր կոմունիկացիաների կառուցմանը՝ համաձայն այն երկրների ազգային օրէնսդրութեան, որոնց տարածքով դրանք անցնում են: Կարեւորում ենք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորումը, որը կ՛երաշխաւորի Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներն եւ անվտանգութիւնը: Կարծում եմ՝ Ադրբեջան-Լեռնային Ղարաբաղ քննարկումների մեկնարկը կարող է օգտակար լինել: Այս համատեքստում պիտի ընդգծեմ Ֆրանսիայի դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահող երկիր», եզրափակեց Փաշինեան: