Կիրակի, 25 Սեպտեմբերին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առիթով, Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր եկեղեցւոյ հաւատացեալները տօնական ուրախութեան ժամեր ապրեցան: Օրուան պատարագիչն էր քահանայական 40ամեայ հարուստ վաստակի տէր Վազգէն քահանայ Մովսէսեան:
Ս. պատարագին ներկայ էին հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը, ինչպէս նաեւ տէր հօր ընտանիքի անմիջական հարազատները, մօտիկ բարեկամները եւ ծանօթներ:
Պատարագին ներկայ էին նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, իրեն ընկերակցող շքախումբով մը եւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ քաղաքական բեմերու վրայ ծանօթ է իր հայանպաստ ելոյթներով:

«Հայր մեր»էն առաջ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, հանգամանալից միտքերով ներկայացուց օրուան յոբելեարը եւ անկեղծ խօսքերով դրուատեց անոր 40 տարիներու բեղուն ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան ճանապարհին՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին մէջ: Այս ուրախ առիթով, առ ի գնահատանք, առաջնորդ սրբազանը անոր նուիրեց գեղեցիկ լանջախաչ մը եւ երէցկնոջ, որ թեւ ու թիկունք եղած է միշտ իր ամուսինին՝ մանրանկար մը: Հաւատացեալները երկար ծափողջոյններով իրենց խնդակցութիւնը յայտնեցին պատարագիչ հօր: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը, իր խօսքին մէջ յիշեց Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայրապետին դիպուկ խօսքը. «Մեզի պէտք չեն ոսկի սկիհներ, մեզի պէտք են ոսկի քահանաներ»:
«Արժն. տէր հայրը, իր քահանայական կոչումով ու օրհնեալ առաքելութեամբ միշտ վայելած է ժողովուրդին անվերապահ սէրը: Ան եղած է միշտ սիրուած, գնահատուած ու յարգուած հոգեւորական մը», աւելցուց առաջնորդը:
Խօսք առնելով, յոբելեար պատարագիչ հայրը նախ շնորհակալական իր սրտաբուխ խօսքերը յղեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդին՝ Յովնան արք. Տէրտէրեանին եւ քառասուն տարիներ առաջ զինք ձեռնադրած Վաչէ արք. Յովսէփեանին, ապա անցաւ իր օրուան պատգամին: Ինչպէս միշտ, ան խանդավառ շունչով փոխանցեց կրօնական եւ ազգային իր բովանդակալից պատգամը՝ հայերէնով եւ անգլերէնով:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, առաջնորդարանին մէջ՝ ուրախ մթնոլորտով տեղի ունեցաւ յարգանքի պատշաճ հիւրասիրութիւն մը:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ