Աշխարհ հարկադրուած է հայեւթուրք յարաբերութիւններու խցուած երակներու ախտաճանաչումը ընելու, Հրանդ Տինքի սպանութեան լոյսին տակ: Նաեւ՝ թուրք հանրային կարծիքը, եւ քիչ մը լաւատեսութեամբ պէտք է ենթադրել, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը, չեն կրնար այլեւս բարձի- թողի ընել հիմնահարցեր: Անվարան յայտարարուեցաւ, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը Թուրքիոյ ազգայնական մոլեռանդութեան եւ ծայրայեղականութեան արդիւնք էր: Այս հաստատումը ընելէ ետք պէտք է նշել, որ մոլեռանդութիւն եւ ծայրայեղականութիւն ինքնաբոյս չեն, սունկ չեն, ծնունդ կ’առնեն աշխարհայեացքի եւ ղեկավարութեան ենթահողի վրայ:
Այս մոլեռանդութիւնը, ժամանակի ընթացքին, զանազան կերպարանքներ ստացած է: Սուլթանները, որպէս խալիֆաներ, իրենք իրենց շնորհած էին իսլամութեան առաջնորդութեան դերը, իրենց կայսրութիւնը ամրապնդելու համար: Թուրք քաղաքական մտածողութեան մէջ, համիսլամութիւնը միշտ զուգահեռ ընթացած է համաթրքական երազանքին հետ, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, ոչ միայն ծայրայեղական համարուած շրջանակներու մէջ: Պետական աւագ դէմքեր յաճախ կը յիշեցնեն այդ հեռանկարը, տարբեր արտայայտութիւններով եւ նախաձեռնութիւններով, ինչպէս երբ կ’ըսեն, թէ թուրքերը կը տարածուին Եգէական ծովէն մինչեւ Չինաստան, կամ երբ կը հրաւիրեն թրքալեզու ժողովուրդներու համաժողովներ, միաձուլելու համար զանոնք Թուրքիոյ մականին տակ:
Հայ քաղաքական աւագ դէմքեր անցեալին ըրած են այս ախտաճանաչումը, գրած են գիրքեր, սակայն, դժբախտաբար, ժամանակակիցներս չենք կարդար նման հրատարակութիւններ, երբեմն լեզուական արգելքի հետեւանքով, կամ պարզապէս աշակերտելով օտար մտածողներու եւ քաղաքական դէմքերու ուսուցման: Շատեր կարգ մը գիրքեր չեն կարդար նաեւ կողմնապաշտական նեղմտութեամբ: Հայ քաղաքական կեանքը առաջնորդելու կոչուածներէն շատեր կը մնան համայնքային կամ տեղայնական մակարդակներու վրայ: Աւելի ցած՝ դիրքապաշտութեան: Այս պայմաններուն մէջ, ծանօթութիւնը կը փոխարինուի ամբոխավարութեամբ կամ դիւանակալութեամբ, որոնք կը բաւարարուին կարգախօսներով: Այս գիրքերու շարքին են Ռուբէնի կարգ մը հրատարակութիւնները, ինչպէս՝ «Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ», որ աշխարհաքաղաքական ուշագրաւ վերլուծումը կը կատարէ Հայաստանի գոյութեան եւ իրաւունքին, ինքնահաստատման եւ տեւելու նախադրեալներուն: Նոյնպէս, Ռուբէնի «Հայ-թրքական կնճիռը» գիրքը, որ վերահրատարակուած էր Ամերիկայի մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով, լոյս կը սփռէ մեր անմիջական ներկայի խնդիրներուն վրայ, մեր՝ Հայաստան եւ Սփիւռք, անքակտելիօրէն միաժամանակ: Ռուբէնի զոյգ գիրքերը լրացուցիչ են եւ որքան լաւ պիտի ըլլար, որ անոնք ներշնչէին մեր ժամանակակիցները, քաղաքականութեամբ զբաղողները եւ հրապարակախօսները:
Ռուբէն կը գրէր. « … այժմ էլ Օսմանեան պետութեան մէջ բազմաթիւ են համիսլամութեան ցնորամիտ գաղափարների ջատագովներն ու կողմնակիցները»: Եթէ առարկայական հայեացք մը նետենք հանրապետական Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան վրայ, պիտի հաստատենք, որ համաթրքական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, որուն վերջին օրինակը հանդիսացաւ Կիպրոսի հիւսիսային շրջանի գրաւումը, թնճուկ դարձած նախայարձակում մը, զոր միջազգային ընտանիքը անկարող եւ անատակ եղաւ լուծելու, անկարողութիւն եւ անատակութիւն, զորս ոչ ոք յանդգնութիւնը ունեցաւ մեծ համարուած ժողովներու օրակարգ դարձնելու: Եւրոմիութեան ղեկավարները չեն կարդացած եւ հաւանօրէն պիտի չկարդան դեռ երկար ժամանակ, Ռուբէնի գիրքերը: Սրտցաւ ազգայիններ կրնան ըսել, որ հրապարակը աղմկող հայերը գէթ թող կարդան: Իր վերլուծման ընթացքին, Ռուբէն ամենայն յստակութեամբ կ’ըսէ. «Յայտնի է, որ թուրքերը համօսմանցիական եւ համաթուրանական սկզբունքներով երկու գլխաւոր նպատակի են ձգտել. նախ՝ ստեղծել ներքնապէս ուժեղ եւ միաձոյլ ազգութիւն, եւ ապա՝ հզօրանալով հետզհետէ տարածուել դէպի Արեւելք եւ դէպի Արեւմուտք»: Այս առաջնորդող մտածումով կը բացատրուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը՝ զոր բաւարար չափով չենք շեշտեր, երբ կը խօսինք Ցեղասպանութեան մասին, մինչդեռ իսկական եւ մեծ աղէտը հայրենահանումն է եւ կը մնայ, որուն նպատակը միաձոյլ պետութեան ստեղծումն է, բնիկներու անհետացումով, ցեղային մաքրագործումով, քաղաքական ոճրային ընթացք, «էթնիք մաքրազտում», զոր չեն վարանիր յեշեցնել, երբ ան գտնուի շահերու ճամբուն վրայ:
Ժամանակակից Թուրքիան, իր նպատակին հասնելու համար, ըստ կացութեան պահանջին, կ’օգտագործէ կրօնը, ցեղը, լեզուն, եւ Պաղ պատերազմի Արեւմուտքը աչք ու ականջ խուփ կը պահէր միջազգային հաւասարակշռութիւնը իրեն ի նպաստ պահելու շահախնդրութեամբ, իսկ այսօր, համաշխարհայնացման ծիրէն ներս՝ առեւտուրի եւ շուկայական անմիջական շահեր հետապնդելով: Թուրք ազգայնականութիւնը ծաւալապաշտական նկարագիր ունեցած է եւ ունի, եւ Եւրոմիութիւն մտնելու ճիգերը զուտ տնտեսական չեն իրեն համար: Արեւմուտքը, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող ժողովուրդներու հարցը պէտք է որ կարենայ լուծել, Եւրոպայի դուռները բանալէ առաջ: Թուրքիա անդամ դառնալով Եւրոմիութեան, վերջնական կերպով մարսած պիտի ըլլայ գործած չարիքները եւ բռնագրաւումները: Հայկական անլոյծ հարց կայ: Սոսկ Ցեղասպանութեան ճանաչման բարոյական մխիթարութեամբ, մասնակից եւ մեղսակից պիտի ըլլա՞նք մեր ժողովուրդի վերջնական իրաւազրկման, հողային հարց չարծարծելու չիմաստութեամբ:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը երբ կը հետապնդուի, հարկ է բացատրել միաժամանակ, թէ ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ: Հարկ է յիշեցնել եւ կրկնել՝ հողի համար: Ռուբէն այս խնդիրը կը լուսաբանէ թուրք քաղաքական գործիչի մը, Ահմէտ Ճէւտէթի խօսքերով. «Եթէ հայերը ցանկութիւն ունեն մեզի հետ ապրելու, թող երկու հաւատացող մարդ ուղարկեն Էնկիւրի եւ խնդրեն Մեծ ազգային ժողովի կառավարութիւնից, որ իբր հայրենակից իրենց ներս առնեն. իսկ եթէ չեն ուզենայ մեզ հետ ապրել, թող գնան Արժանթինա եւ այնտեղ հաստատուեն»: Այսինքն, ինքնորոշում, պատմութիւն, բազմադարեան հայրենիք, եւ այլ մեծ սկզբունքներ չկան…
Այս քաղաքականութեան ուղիղ գծին վրայ, հակառակ Լօզանի դաշնագրի սահմանած նուազագոյն իրաւունքներուն, փոքրամասնութիւնները հետզհետէ կը դառնան աւելի փոքրամասնութիւն, Կոստանդնուպոլսոյ Ուղղափառ տիեզերական պատրիարքութիւնը խեղդամահ պիտի ըլլայ, քիւրտերը պիտի շարունակեն մնալ լեռնական թուրքեր, բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը… Լաւ է երբեմն յիշել 1956ի խռովութիւնները եւ ջարդերը, որոնց հետեւանքով տեղի ունեցաւ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու զանգուածային արտագաղթ, որպէսզի քիչ մը աւելի միաձոյլ ըլլայ Թուրքիան:
Վերջին զոհը, ինչպէս դիպուկ կերպով դիտել տրուեցաւ, մէկուկէս միլիոնին վրայ աւելցող մէկ, եղաւ Հրանդ Տինքը, քանի որ Ցեղասպանութեան հարցը ուզեց այժմէականացնել Թուրքիոյ մէջ, զոհի եւ տիրոջ իրաւունքով: Եւրոպայի հանրային կարծիքը հարկ է լուսաբանել, որ լրագրողի մը սպանութենէն անդին՝ ազգի մը դէմ սպառնալիք կայ, եւ այս սպառնալիքը նորութիւն չէ, պիտի մնայ մինչեւ այն ատեն, որ բռնի ուժով հաստատուած խայտառակ հաւասարակշռութիւնները վերատեսութեան չենթարկուին:
Որոնք վերատեսութեան չեն ենթարկուիր անարդարանալի մեղսակցութիւններով:
Ամբողջական խնդիրներ կան եւ լեզուագարութեամբ զանոնք շերտել մարդկութեան դէմ գործադրուող չարիք է:
Ռուբէն ազգի ուղղուած շեշտակի հարցում բանաձեւած է. «Բայց կը պահէ՞ հայութիւնը Հայաստանի ամբողջականութեան գաղափարը»: Եթէ յստակ պատասխան չտրուի Ռուբէնի հարցումին, կը շարունակուին հողակտոր փրկելու քաղաքականութիւնը, աւեր-արտագաղթը, եւ Սփիւռք դարձած հայերը ամէն օր քիչ մը աւելի կը դառնան ծագումով հայեր, եւ ոչ ոք կը գայթակղի, երբ միջազգային մամուլը թրքական ազգայնամոլութեան զոհ Հրանդ Տինքը կը կոչէ թուրք ծագումով հայ, փոխանակ բաւարարուելու ազգութեամբ հայ Թուրքիոյ քաղաքացի տարազով: Նախընթաց կայ. Իտալիոյ մէջ, թրքահայ երգիչ մը, իր ելոյթէն առաջ, յայտագրին մէջ նշուած թուրք ծագումով հայ տարազը սրբագրած էր սրահին առջեւ, ճշդելով, որ ինք հայ էր՝ Թուրքիոյ քաղաքացի: Պարզ, վսեմ եւ մանաւանդ՝ քաջ: