Վերամուտի այս օրերուն հայ դպրոցի եւ հայերէնի ուսուցման խնդիրները չենք քններ, քանի որ կամ բռնուած ենք տնտեսական հարցերու բիրտ աքցանին մէջ, կամ տարուած ենք մակերեսային մօտեցումներով, բազմաթիւ երկիրներու մէջ մէկժամեայ կամ միօրեայ դասերով, զորս դպրոց կը համարենք մենք մեզ մխիթարելու համար, կամ հորիզոնը փակած ենք պետական քննութիւններու ընդունուած հայերէնի արձանագրած յաջողութիւններով: Յաճախ նաեւ, քաղքենի երջանկութիւններով կը տարուինք, դպրոցի մը գեղատեսիլ շէնքը շփոթելով կենսական բովանդակութեան հետ: Հարց կու տա՞նք, թէ ինչո՞ւ հայ դպրոց կը հիմնենք կամ հայ աշակերտը կ’ընդունինք: Հայերէնի ուսուցիչը, հայերէն դասի բովանդակութիւնը, նիւթի լրջութիւնը եւ անոր տրուած կարեւորութիւնը շփոթներու մէջ կը լողան: Մէկ կողմէ աշակերտ չկորսնցնելու մտահոգութիւն կայ, միւս կողմէ ծնողներու մակերեսային իմաստութիւնը, որ աշակերտին ալ կը փոխանցուի, այն, որ հայերէնը փոր չի կշտացներ:
Եթէ հայերէնի ուսուցումը եւ գործածութիւնը, որպէս բանաւոր եւ գրաւոր հաղորդակցական միջոց, նկատի չառնուին հայերէն լեզուի, հայ մշակոյթի, հայոց պատմութեան եւ տոկալու ու տեւելու տեսանկիւնէն, ոչ այլ նկատումներէ, պարզապէս ժամավաճառ կ’ըլլաք, մենք մեզ եւ հանրային կարծիքը կը խաբենք, մեր ունեցած եւ չունեցած միջոցները կը մսխենք: Հայերէնը կենդանի լեզու է, եւ որպէս այդպիսին, ան իր կենդանութիւնը պիտի արտայայտէ որպէս ինքնատիպ եւ ճշգրիտ հաղորդակցական ու ստեղծագործական միջոց, մեր տուներուն մէջ, մեր բեմերէն, մեր լրատուամիջոցներէն, անոնք ըլլան թերթ, ձայնասփիւռ թէ հեռատեսիլ: Առաւել եւս, ան իր հարստութեամբ հանդէս պիտի գայ գրականութեան ճամբով: Այս իրականացման հսկել եւ նպաստել ղեկավարութեան աւագ պարտականութիւնն է, նաեւ՝ քաղաքական, այս բառին ազնիւ իմաստով, քանի որ ազգ պահելու խնդիր ունինք: Այս մտահոգութիւնը, որպէս ազգային հիմնական եւ հիմնարար առաջադրանք, հանդիսութիւններու զարդ կամ մարտակոչ չէ, այլ՝ գոյութենական խնդիր, հետեւաբար՝ ամէն օր հետապնդուելիք:
Տարրական անկեղծութիւնը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ անբաւարարութեան, չըսելու համար անլրջութեան առջեւ:
Քանի մը հաստատումներ փորձենք ընել: Եթէ յանդգնինք քննել կարգ մը հարցեր, զարմացնող եւ տխրեցնող երեւոյթներու առջեւ կանգ պիտի առնենք: Մեր դպրոցներու աշակերտները, մանաւանդ՝ երկրորդական, բակին մէջ, իրարու հետ հայերէ՞ն կը խօսին, թէ այլ լեզուներ, ըստ երկիրներու: Կամ ո՞ր որակով հայերէն կը խօսին: Լուսաբանուելու համար վիճակագրութիւն մը օգտակար պիտի ըլլար: Մեր լրատուամիջոցներու լեզուն ի՞նչ պատկեր կը պարզէ: Առարկայական ուսումնասիրութիւն մը, մէկ ամսուան վրայ տարածուած, թերթերու, ձայասփիւռներու եւ հեռատեսիլի կայաններու լեզուին մասին, հետագայ քայլերու օգտակար պիտի ըլլայ, եթէ համբակներ չըսեն, որ լեզուն կենդանի է, հետեւաբար այդ խօսուածն է լեզուն, այդ պիտի ըլլայ…:
Եթէ հայերէնի ուսուցումը, գործածութիւնը եւ որակը չեն առաջնորդեր մեր նախաձեռնութիւնները, պէտք է պատասխանել հարցումի մը. ո՞ւր կ’առաջնորդենք եւ կ’ուզենք առաջնորդել մեր զանգուածները եւ մասնաւորաբար՝ նորահաս սերունդը: Կ’առաջնորդենք հո՞ն՝ ուր անոնք ըսեն, թէ ծագումով հայ են… Ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ հայու ինքնութեան հետ հանդիպումը, երբ պիտի խորթանանք մեր բազմահազարամեայ մշակոյթէն եւ գրական վաստակէն, լուսանկարի եւ ժողովրդական երգի ու պարի առթած անմիջական գինովութիւնը երբ դադրի: Մենք հրապարակ կու գանք մեր մշակոյթի ժառանգութիւնը պաշտպանելու աղմկարար կարգախօսով, յաճախ սոսկ կարգախօս, ճառ, կարծէք մենք չեն հաւատար մեր ըսածին:
Առաջին անգամ չէ, որ նման խնդիր կ’արծարծենք, հաւանօրէն վերջինը պիտի չըլլայ: Ինչպէ՞ս պիտի ձերբազատուինք ալ սնամէջ դարձած կարգախօսներէն. հայերէն չեմ գիտեր, բայց հայասէր եմ տարազով կղպուող: Լեզուն կը դարձնենք խառնածին, խառն ամուսնութիւններու պատճառով հայերէնը կ’արտաքսենք մեր տուներէն, բայց ոչ միայն այդ պատճառով, թէեւ նախապէս ըսած կ’ըլլանք որ օտար հարսը կամ փեսան կը հայացնենք… Տոկալու եւ տեւելու փրկութեան լաստերը մենք կը պայթեցնենք: Հարցերը եթէ սուր կերպով չդնենք, յստակութեամբ չներկայացնենք, երբեք պիտի չկարենանք ճիշդ կողմնորոշուիլ: Մեր անհատական տեղատուութեան պայմաններէն մեկնելով, օրինակներ եւ արդարացումներ կը փնտռենք, բացառութիւններ, եւ անոնցմով կը մեկնաբանենք հայերէնախօսութեան եւ այլ արժէքներու նահանջները, որոնք անձնատուութիւն են: Այս կլոր դարձող պարը երբ կը կատարեն ղեկավարութեան կոչուածներ, կացութիւնը կը դառնայ աւելի յուսահատական եւ ողբերգական, որ է նաեւ թեթեւսոլիկութեան եւ սնոպիզմի հետեւանք: Մինչդեռ ղեկավարութեան կոչուածներ աղէտը կանխելու պարտք ունին ազգին հանդէպ, փոխանակ տեղատուութիւնը շպարելու անվաղորդայն պատշաճեցումներով:
Շատ կը սիրենք տալ հրեաներու օրինակը: Կ’ըսուի, թէ անոնք կը պատշաճին, կը կորսնցնեն լեզուն, բայց կը պահեն ազգային գիտակցութիւն: Կը մոռնանք յիշեցնելու, որ հրեաներու կրօնական պատնէշը հզօր է եւ կը յարգուի առօրեայի մէջ, իսկ քրիստոնեայ աշխարհի առջեւ բաց են դռները եւ պատուհանները: Ասկէ անկախ, հարկ է լսել բանիմաց հրեաները, որոնք կ’ըսեն, թէ լեզուի կորուստը աւեր կը գործէ, կ’ապազգայնացնէ, որ բացառութիւնները ընդհանուր օրէնք չեն: Բայց հետաքրքրական է գիտնալ, որ վերջին տասնամեակներուն, օրինակ, Ֆրանսայի մէջ, հրեական վարժարաններու թիւը տասնեակներով բազմապատկուեցաւ: Արուեստական փաստարկներով իրականութիւնները վարագուրել յառաջդիմութեան եւ վերականգնումի չի նպաստեր:
Կայ նաեւ սնափառութիւն շոյող երեւոյթ մը: Հոն, ուր հայերէնը կ’ընդունուի որպէս երկրորդական վարժարանի աւարտական քննութեան լեզու, օրինակ, ֆրանսական պաքալորէայի, յաջողութիւնը եւ ստացուած գնահատականները կը համարուին յաղթանակ, չափանիշ: Թէ ի՞նչ են այդ քննութեան բովանդակութիւնը եւ մակարդակը, չենք ըսեր: Իսկ օտար վարժարան յաճախողներ, յանկարծ կը յիշեն, որ եթէ քիչ մը հայերէն սորվին, նիշ կը շահին եւ քննութիւնը նախորդող ամիսներուն՝ դասերու կը հետեւին: Տրամաբանութիւնը ճիշդ է. նիշ չեն կորսնցներ, չի պատահիր: Նոյնիսկ կարգ մը հայկական վարժարաններու մէջ, քննութեան ստացուելիք քանի մը նիշն է նպատակ, եւ ոչ թէ հայերէնի իւրացումը, որպէս մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան միջոց:
Մեր ղեկավարութիւնները, քաղաքական, մշակութային, նաեւ մարզական, հայերէնախօսութիւնը եւ հայերէնի ուսուցումը բազմաթիւ այլ շահախնդրութիւններէ վեր պիտի դասեն, վերջ տալով մարդորսութեան համար կատարուող տեղատուութիւններուն: Ինչ փոյթ, որ այդ ընելով պիտի անհանգստանան ոմանք եւ մանաւանդ անբովանդակ դիրքապաշտութիւնը պիտի խախտի:
Հայերէնը փոր չի կշտացներ, բայց ազգ կը պահէ եւ ղեկավարութիւններու պարտականութիւնն է ազգը պահել: Մնացեա՞լը…