ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբերին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը խստիւ դատապարտեց առաւել քան երկու ամիսէ ի վեր Հասիչէի բնակիչները խմելու եւ առօրեայ գործածութեան ջուրէն զրկելու՝ բռնագրաւող թրքական ուժերուն քաղաքականութիւնը։
«ՄԱԿին եւ անոր ենթակայ հաստատութիւններուն՝ յիշեալ անմարդկային արարքը անտեսելը, առիթ կու տայ թրքական ուժերուն յաւելեալ ոճիրներ գործելու եւ Հասիչէի բնակչութիւնը տառապեցնելու: Այս բոլորին պատասխանատուութիւնը կը կրեն Թուրքիոյ իշխանութիւնները։ Առ այդ, անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿին, որ թրքական ուժերուն վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի անոնք վերջ տան սուրիացիներուն դէմ իրենց անմարդկային արարքներուն։», կ՛ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։