ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Յառաջիկայ տարուան Յունիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ, Թուրքիա կ՛ապրի բաւական աղմկայարոյց օրեր։
Քաղաքական վերլուծաբաններ ճակատագրական կը համարեն այս ընտրութիւնները եւ կ՛ըսեն, թէ եթէ իշխանափոխութիւն մը չարձանագրուի, խիստ հաւանական է, որ այս ընտրութիւնը ըլլայ խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնը։ Եթէ այս հանգրուանին նախագահ Էրտողան յաջողի դառձեալ համախմբել իր ընտրողները, իր ամբողջ ամրութեամբ պիտի հաստատուի մենատիրական համակարգը, որուն պիտի յաջորդէ երկրին կրօնական պետութեան մը վերածուելու գործընթացը։
Սակայն լիրայի արժեզրկումը եւ յարատեւ սղաճը կը սպառնան այդ գործընթացին։
Մինչ նախագահ Էրտողան նախընտրած էր դաշինք կնքել ծայրայեղ ազգայնականներու հետ, ընդդիմադիր վեց կուսակցութիւններ վերջերս համախմբուեցան երկրորդ դաշինքի մը մէջ։
Նաեւ, նախորդ շաբաթ համայնավար շրջանակներ յայտարարեցին երրորդ դաշինք մը, որուն մղիչ ուժն է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը։ Այս դաշինքին միացած են աւելի փոքր Աշխատանքի կուսակցութիւնը, Աշխատող ժողովուրդին կուսակցութիւնը, Թուրքիոյ բանուորական կուսակցութիւնը, Համայնավար խորհուրդներու դաշնակցութիւնը եւ Հասարակական ազատութեան կուսակցութիւնը։ Նոր դաշինքը կը կոչուի Աշխատանքի եւ Ազատութեան դաշինք։
Ի տարբերութիւն ընդդիմադիրներու վեցեակ սեղանէն, այս վերջինը գաղափարախօսական ամբողջութիւն մը կը ներկայացնէ։ Այդ առումով, անոնք կը ներկայանան իբրեւ Թուրքիոյ ձախակողմեան շարժումի միասնական ուժը։
Այս վերջին զարգացումէն ետք, քաղաքական վերլուծաբանները սկսած են խօսիլ դաշինքներու դաշնակցութեան մը հաւանականութեան մասին։ Ի զուր չէ այս հաստատումը, որովհետեւ արդէն շատեր վաղուց համոզուած էին, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ինքնին կղպանքի մը դերակատարութիւնը ունեցած է եւ իշխանութիւնը պիտի ձեւաւորուի անոր հակումներով։
Ի դէմ այս բոլոր զարգացումներուն, հասարակութեան մտահոգութիւնները կը մնան անփոփոխ։ Ըստ համատարած համոզումի մը՝ գործող իշխանութիւնը ընտրութիւններուն ընդառաջ կրնայ թափ տալ ահաբեկչական գրգռիչ արարքներու եւ նոյնիսկ պատերազմի գործողութիւններու, ընտրութիւնները չեղարկելու կամ լարուածութենէն նպաստ քաղելու տենչանքով։