
Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբերի առաւօտուն, Մարսէյի «Համազգային» դպրոցի բոլոր աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը հաւաքուած էին դպրոցի մուտքի բակին մէջ` միասնաբար նշելու դպրոցի վերամուտը եւ վերանկախութեան տօնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհին` Շաքէ Ժամկոչեան, որ հաստատեց, թէ բոլոր տարիներէն տարբեր անկախութեան տօն է այս տարի` նկատի ունենալով մեր հայրենիքին սպառնացող վտանգները, ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները եւ հայրենի սահմաններու պաշտպանութեան ի խնդիր իրենց կեանքը զոհաբերող մեր երիտասարդներուն խիզախութիւնը եւ նուիրուածութիւնը: Ան խաղաղութիւն եւ սահմաններու ապահովութիւն մաղթելով մեր հայրենիքին՝ բարի վերամուտ մաղթեց աշակերտներուն, նոյն ժամանակ կոչ ուղղելով, որ անոնք տէր կանգնին մեր լեզուին եւ մշակոյթին:
Ապա տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ դպրոցի աւարտականի ու մանկապարտէզի աշակերտներէն ներկայացուցիչներ` զոյգ-զոյգ, բարձրացուցին Ֆրանսայի, Հայաստանի, Արցախի եւ Համազգայինի դրօշները, մինչ դպրոցի աշակերտները յոտնկայս երգեց Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգները:
Աւարտական կարգերու աշակերտները հանդէս եկան հայերէնով եւ ֆրանսերէնով բացման խօսքերով, որոնց ընդմէջէն անոնք անդրադարձան Հայաստանի ներկայ կացութեան եւ հայ ժողովուրդի դարաւոր հայրենիքին սպառնացող վտանգին: Անոնք նաեւ իրենց խօսքին մէջ շնորհաւորեցին դպրոցին վերամուտը` հաստատելով, որ հայկական դպրոցը եւս օտարութեան մէջ հայապահպանման հզօր ամրոց մըն է:
Երկրորդական դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Ժագ Յակոբեանի «Ո՛վ Հայ, Խօսէ՛ Հայերէն» եւ Յովհաննէս Շիրազի «Մենք Խաղաղ Էինք Մեր Լեռների Պէս» բանաստեղծութիւնները:
Մանկապարտէզի եւ Ա. դասարանի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին «Ի Զէն, Հայե՜ր» հայրենասիրական երգը, ապա արտասանեցի ֆրանսերէն բանաստեղծութիւն մը:

Երկրորդ դասարանի աշակերտները, ձեռային աշխատանքով պատրաստած իրենց խաւաքարտէ մատիտները բարձր բռնած՝ արտասանեցին հայերէնով մատիտի, իսկ ֆրանսերէնով դպրոցի մասին արտասանութիւններ, ապա աւարտին կազմեցին «Համազգային» բառը:
Երրորդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին դասարանի մասին գեղարուեստական կտոր մը, իսկ չորրորդ դասարանցիները իրենց պատրաստած այբուբենները իրնեց կուրծքին` արտասանեցին Անահիտ Սարգիսեանի «Ծառ Ու Անտառ» կտորը, որ կը ներկայացնէր հայերէնի տարբեր ճիւղաւորումները:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ հինգերորդ դասարանին կողմէ կատարուած «Հայորդիք» երգով, որուն ընթացքին անոնք բարձրացուցին խաւաքարտներու վրայ տեղադրուած «Միշտ հայ», «Մայրենի լեզու» եւ «Հայոց պատմութիւն» բառերը: Երգեցողութեան միացան բոլոր դասարաններու աշակերտները եւս, եւ ձեռնարկը փակուեցաւ խանդավառ ու հայրենասիրական մթնոլորտի մէջ:
Կէսօրէն ետք, միջնակարգի աշակերտները դպրոցի մարզադաշտին վրայ ունեցան մարզական խաղեր եւ ֆութպոլի մրցաշարք մը: