Թարգմանչաց Տօն
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Հայրենիք մը, ազգ մը, որ ունի Թարգմանչաց տօն եւ զայն կ՛ոգեկոչէ աշխարհի բոլոր հայատրոփ վայրերուն մէջ, ի վերուստ սահմանուած է միա՛յն ապրելու: Այժմ, երբ ազգովին, հոգեպէս ու ֆիզիքապէս կը խմբուինք այս սուրբ տօնին շուրջ, Ոսկեդարը կ՛ըլլայ մեզի ուղեցոյց՝ համայն հայութեամբ վերստի՛ն վեհանալու եւ մեր ազգային մշակոյթին նոր կեանք պարգեւելու համար:
Հաւատա՛նք Թարգմանչաց սերունդի ստեղծած հրաշքին եւ մեր ինքնութիւնը վերախարսխենք նոյն այն ոգիին վրայ, որ մեր ազգին ու հայրենիքին կրնայ դարձեալ շնորհել վերասլանալու առիթներ, դէպի նո՜ր ու յաւերժական հորիզոննե՜ր: