Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը եւ Տիկնանց Օժանդակ մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ տէր եւ տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեան ամոլը ստանձնած է «Առաջնորդ սրբազան հօր Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ի գլխաւոր հովանաւորութիւնը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան օրը, Ուրբաթ, 6 Յունուար 2023ի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց Թիթիզեան ամոլը՝ իր ցուցաբերած բարերար հոգիին՝ Ազգային առաջնորդարանին նկատմամբ եւ զօրակցութեան՝ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համալիրին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ