ԱՐԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբերին, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի 12րդ կարգի աշակերտներէն 44 հոգինոց խումբ մը, իրենց տնօրէնուհիին եւ 3 ուսուցիչներու ուղեկցութեամբ, Լոս Անճելըսի Միջազգային օդակայանին մէջ հաւաքուած՝ ուրախութեամբ կը սպասէին օդանաւ բարձրանալու, իրենց նախորդ տարուան, «Քովիտ»ի համաճարակի պատճառով ընդհատուած Հայաստան պտոյտը իրականացնելու։
Դժբախտաբար, նոյն միջոցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն բացասական լուրեր սկսած էին հասնիլ, թէ ինչպէ՛ս ատրպէյճանական բանակը սկսած էր ռմբակոծել հայկական խաղաղ քաղաքները եւ գիւղերը, որոնք Հայաստանի արեւելեան սահմանի երկայնքին կը գտնուէին։ Արդէն այս այցելութեան համար Հայաստանի սահմանային գօտիները նկատի չէին առնուած, ինչպէս նաեւ ապահովութեան համար, պտոյտը սահմանափակուած էր ընդհանրապէս Հայաստանի հիւսիսային եւ արեւմտեան շրջանները այցելութիւններով։ Տեղւոյն վրայ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Սօսի Շանլեան, ծնողներու ուշադրութեան յանձնեց կացութիւնը եւ առիթը տուաւ ծնողներուն որոշելու, թէ իրենց զաւակները շարունակեն Հայաստան այցելութիւնը կամ անմիջապէս վերադառնան տուն։ Անոնք իրենց վստահութիւնը յայտնելով վարժարանի տուած որոշումներուն՝ պտոյտը շարունակուեցաւ անխափան։
Արդէն իսկ օդանաւին մէջ աշակերտներու դէմքերուն վրայ նկատելի էր ուրախութեան նաեւ ցասումի արտայայտութիւնները, վիրաւոր հայրենիք այցելելու տխուր իրականութիւնէն մղուած։ 1999էն ի վեր, Հայաստան այցելած բոլոր դասարանները միշտ խրոխտ եւ հպարտ ոտք կոխած են հայրենի եւ Արցախի հողերուն վրայ, իրենց մէջ արմատացնելով հայրենիքը եւ անոր ընձեռած բարիքները։ Սակայն զգացումները բոլորովին տարբեր էին այս անգամ։
Երեւան հասնելէ եւ մինչեւ կէսօր հանգչելէ ետք, աշակերտները ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու մեր Ցեղասպանութեան զոհերուն, որմէ ետք ուղղուեցան Եռաբլուր, Արցախի ազատագրութեան պայքարի ճամբուն վրայ ինկած մեր հազարաւոր նահատակներու շիրիմներու յարգանքի այցելութեան համար։ Դժուար է նկարագրել աշակերտներու զգացումները, չըսելու համար բացարձակապէս անկարելի։ Ապա խումբը ուղղուեցաւ Մայր Հայաստանի արձանին մօտ եւ Քասքատ։
Յաջորդ օրը, նախաճաշէն ետք, խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Գիւմրի, անցնելով Օշական գիւղէն եւ այցելելով Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանը։ Գիւմրիի մէջ աշակերտները քաղաքը պտըտելէ ետք, այցելեցին «Զանան» մշակութային կեդրոնը եւ Յովհաննէս Շիրազի տուն թանգարանը։ Անոնք օրուան կարեւոր մէկ մասը անցուցին «Ֆոտոն» դպրոցին հետ, ուր ջերմօրէն հիւրընկալուեցան։ Կոկիկ յայտագիրի մը գործադրութենէն ետք, անոնք շփուեցան դպրոցի ուսանողութեան հետ եւ բնականաբար հիմը դրին նոր բարեկամութիւններու։ Վարժարանիս ջանքերով կարելի եղաւ գնել 100 նոր աթոռներ, իրենց սրահին համար, որ անսահման ուրախութեամբ ընկալուեցաւ իրենց կողմէ։
Յաջորդ առաւօտ պտոյտը շարունակուեցաւ դէպի Ձորագետ, ճամբան այցելելով Դսեղ գիւղին մէջ գտնուող Յովհաննէս Թումանեանի տուն թանգարանը, ինչպէս նաեւ գիւղի մանկապարտէզը, որուն համար աշակերտները պատրաստած էին նուէրներ։ Յուզիչ էր հանդիպումը այդ մանուկներուն հետ, որոնց կեանքէն կը պակսի տարրական ամէնէն նախնական բաները։ Դէպի Հաղբատ ճամբուն վրայ, անոնք այցելեցին COAF կեդրոնը եւ ծանօթացան անոնց աշխատանքներուն։ Գիշերը Լոռիի մէջ գիշերելէ ետք, աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Դիլիջան, ուր այցելեցին Հաղարծինի վանքը եւ Պարզ լիճին մէջ անցուցին հաճելի քանի մը ժամեր։ Գիշերը Դիլիջանի մէջ անցընելէ ետք, աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Սեւանայ լիճ, ուր այցելեցին վանական համալիրը, որմէ ետք՝ Ծաղկաձոր, ուր առիթը ունեցան Ski Lift-երով լերան շրջանը կատարել։
Եօթներորդ օրը խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Գառնի եւ Գեղարդ եւ ականատես դարձաւ լաւաշի պատրաստութեան։ Երեկոյեան անոնք հասան Երեւան։ Յաջորդ օրը, խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Խոր Վիրապ։ Հիանալի էր Արարատ լերան տեսարանը՝ մաքուր եւ խրոխտ։ Խոր Վիրապէն ետք անոնք այցելեցին Հռիփսիմէ, Գայիանէ եւ Էջմիածին, որմէ ետք առաքելութիւնը շարունակուեցաւ դէպի Սարդարապատի յաղթական յուշարձանը։
Դժբախտաբար, յուզիչ էր յուշարձանի շրջափակին մէջ տեսնել 44օրեայ պատերազմին զոհուած երիտասարդներու շիրիմները։ Աշակերտները յուզումով լսեցին իր զաւակներուն այցելութեան եկած զոյգ նահատակներու հօր խօսքերը եւ չկրցան զսպել իրենց յուզումը։
21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի վերակախացման տօնին, լուռ էին Երեւանի փողոցները։ Նախորդ տարիներու տօնական մթնոլորտը չկար։ Այդ օր աշակերտները այցելեցին «Երեւան Սիթի Փառք»ը։
Յաջորդ օրը, աշակերտական խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Ամբերդ, ճամբան կենալով Գնդունիքի նշանաւոր հացատունը։ Ամբերդի ճամբուն վրայ, անոնք այցելեցին Այբուբենի պուրակը, որմէ ետք Բիւրականի մէջ մասնակցեցան Նաւասարդեան տօնախմբութեան թատերական բեմադրութեան մը։
Վերջին օրը, խումբը այցելեց ԹՈՒՄՕ կեդրոնը, որմէ ետք առիթ տրուեցաւ իրենց վերադարձի պատրաստութիւններ տեսնելու։ Նոյն գիշերը, «Ռեհան» ճաշարանին մէջ աշակերտները ունեցան հրաժեշտի ընթրիք մը, որմէ ետք ուղղուեցան օդակայան վերադառնալու համար Լոս Անճելըս։
Հայաստան այս այցելութիւնը, թէեւ նախապէս կատարուած այցելութիւններէն հիմնովին տարբեր էր իր բնոյթով, աշակերտներուն դէմքերուն վրայ նկատելի էր հայու վերապրումի, վերածաղկումի կարեւորութիւնը եւ վստահ իւրաքանչիւրին հոգիին մէջ արմատ նետեց հայրենիքը զօրացնելու եւ վերակերտելու անհրաժեշտութիւնը։
Հոսամ Սփյուռքի բոլոր Հայ աշակերտները ամեն տարի առիթը ունենան ճամբորդիլ մեր Հայրենիքը ի միջի այլոց Ազատ Արցախը