ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 11 Հոկտեմբերին, խստօրէն դատապարտեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Նուրի Մարթինեզի, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ճիլ Սետիյոյի եւ Քեւըն տէ Լէոնի եւ Լոս Անճելըս գաւառի Աշխատանքի դաշնակցութեան նախագահ Ռան Հըրերայի կողմէ արտասանուած ցեղապաշտ եւ անընդունելի խօսքերը, որոնք վերջերս բացայայտուեցան ձայնագրութեան մը հրապարակումով։
Հայ Դատը կը շեշտէ, թէ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ցեղապաշտական քաղաքականութեան զոհեր՝ յատկապէս հայերու համար նման արտայայտութիւններ յոյժ վիրաւորական են եւ կը բացայայտեն այն իրականութիւնը, որ նշեալ պաշտօնատարները յարմար թեկնածուները չեն իր ազգային բազմազանութեամբ յատկանշուող Լոս Անճելըս քաղաքը ղեկավարելու։
Հայ Դատը նաեւ կը շեշտէ, թէ մօտաւորապէս տարի մը առաջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը կապուած էր քաղաքին ընտրատարածքները վերասահմանելու գործընթացքին եւ առ այդ հարցականի տակ կը դնէ ընտրատարածքներուն նոր սահմանները։