Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան, թէ՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնութիւն գոյացուցած են խաղաղութեան պայմանագիրի հիմնական սկզբունքներուն շուրջ:
«Արմէնփրէս»ի հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ Փրակի հանդիպումէն բխած յայտարարութենէն ետք այս առումով որեւէ զարգացում չկայ:
«Ադրբեջանի հետ բանակցութիւնները շարունակւում են եւ Պրահայի հանդիպումից յետոյ տարածուած յայտարարութիւնից յետոյ այս առումով որեւէ զարգացում չկայ: Նոր զարգացումների դէպքում, ինչպէս եւ նախկինում, հանրութեանը պատշաճ կերպով տեղեակ կը պահենք», ըսաւ Յունանեան:
Յայտնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական TVNET պատկերասփիւռի կայանին «Յստակ Տեսակէտ» հաղորդումին ընթացքին անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութեան կարգաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճան միջեւ գործընթացներուն: Ան նշեց, որ Ատրպէյճան ու Հայաստան պէտք է ստորագրեն մնայուն խաղաղութեան պայմանագիր: Ըստ անոր` այս մնայուն խաղաղութեան պայմանագիրին տանող ճամբուն վրայ կան այնպիսի հարցեր, ինչպէս՝ սահմաններու ճշդումը: Չաւուշօղլունաւելցուց, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարութիւն տրուած է 5 սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան հասած են՝ աւելցնելով, որ իբրեւ արդիւնք կեանքի պէտք է կոչել այս սկզբունքներուն վրայ հիմնուած պայմանագիրը: