ՄԱԿը 143 թեր եւ 5 դէմ քուէներով որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ հինգ շրջաններու բռնագրաւումը, հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ռուս դիւանագէտէն բացի փաստաթուղթին դէմ քուէարկեցին միայն Պելոռուսը, Սուրիան, Նիքարակուան եւ Հիւսիսային Քորէան:
Հայաստան ձեռնպահ քուէարկեց 34 այլ պետութիւններու հետ, որոնց շարքին են Հնդկաստան, Չինաստան, Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւնները եւ ափրիկեան կարգ մը երկիրներ: Ատրպէյճան, Իրան, Թիւրքմենիստան եւ Վենեզուելա չմասնակցեցան քուէարկութեան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս աշխարհի պետութիւններուն կոչ ուղղած էր աջակցելու բանաձեւին: Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն եւ անոր քաղաքական հարցերու տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտ նաեւ հանդիպում ունեցած էին Ուաշինկթընի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ` կոչ ուղղելով միաձայնութեամբ դատապարտելու Ռուսիան:
«Խօսքը ՄԱԿի կանոնադրութեան խախտումներուն եւ ուժով տարածքներ գրաւելուն միասնաբար ոչ ըսելու մասին է», յայտարարած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Armenia stayed Neutral in voting: still under HUGE THREAT, 80%.
Recent Free Nations support, allowed to protest in Prague and
Astana “reasonably strong for 101 years”; to meet in Moscow,
IS forcing TO RETURN BACK, but, international observers, Big USA
delegation, will prevent and help TO BE FREE GRADUALLY 100%:
recent NEW IDEAS to ADD Political PRESSURE, could be the LAST,
IN CASE FREE WORLD NATIONS INTERESTS ARE ON THE SAME
LEVEL OF ARMENIA; ALLOWING TO EXPOSE FREELY 290 YEARS
OF SLAVERY, KGB OPPRESSION HISTORY to the WORLD.