ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Փարիզի հանրային դպրոցներէն մէկուն մէջ, երբ քնարկումի նիւթը Հայոց Ցեղասպանութիւնը եղած էր, աշակերտներէն մէկը՝ թուրք Հասան Քարաօղլան, հակադարձած էր ուսուցիչին եւ փորձած հերքել պատմական այս իրողութիւնը, որուն համար 14ամեայ աշակերտը հեռացուած էր դասարանէն:
Այնուհետեւ, դպրոցի տնօրէնութիւնը պայմանական պատիժ կիրառեց անոր նկատմամբ՝ տալով խիստ նախազգուշացում, որ եթէ ան անգամ մը եւս հերքէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը՝ եռօրեայ ժամկէտով պիտի հեռացուի դպրոցէն եւ պիտի զրկուի դասընթացքներուն մասնակցելու հնարաւորութենէն:
Աշակերտին հայրը իր դժգոհութիւնը յայտնեց դպրոցին՝ կատարուածին նկատմամաբ եւ յայտնեց, որ այդ բոլորը տեղի ունեցաւ միայն այն պատճառով, որ Ֆրանսայի մէջ թշնամանք կայ Էրտողանի հանդէպ: